Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան պատմութեան  եւ մշակոյթի յուշարձաններու պահպանութեան գործակալութեան աշխատակիցներէն եւ բնագաւառէն առնչուող մասնագէտներէն կազմուած աշխատանքային խումբ մը (թիւով հինգ հոգի), ՀՀ մշակոյթի նախարութեան պատմութեան եւ մշակոյթի յուշարձաններու պահպանութեան գործակալութեան պետ Սերժիկ Առաքէլեանի գլխաւորութեամբ, 11-13 Յունուար 2012-ին աշխատանքային այցով եղած է Վրաստանի մայրաքաղաք Թիֆլիս՝ տեղւոյն վրայ ծանօթանալու 1701-ին կառուցուած Ս. Նշան եկեղեցւոյ պատահարին՝ հրդեհէն ետք ստեղծուած իրավիճակին, ուսումնասիրելու յուշարձանի պահպանուածութիւնը եւ վրացի մասնագէտներու հետ քննարկելու յուշարձանի հետագայ պահպանութեան, վերականգնման նպատակով իրականացուելիք աշխատանքային ծրագիրները: Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ մշակոյթի նախարարութիւնը:


Յուշարձանի տարածքին հայկական կողմի համապատասխան մասնագէտներուն կատարած դիտարկումներուն իբրեւ արդիւնք, պարզուած է, որ եկեղեցին եղած է հոսանքազրկուած, իսկ  այդտեղ չեն պահուած հրդեհավտանգ սարքեր:
Յուշարձանի վերականգնման նախահաշուային արժէքը՝ կը կազմէ շուրջ 325 միլիոն դրամ (842 հազար տոլար):
Ջաւախքահայերը նաեւ յայտարարած են, որ երբ Սուրբ Նշան եկեղեցին փոխանցուի Վիրահայոց թեմին, իրենք պատրաստ են հոգալու եկեղեցւոյ վերականգնման անհրաժեշտ բոլոր ծախսերը, Թիֆլիսի քաղաքապետարանին հետ միասին: