ԱՄՆ Հայ Դատի Յանձնախումբի եւ վրացական կառավարութեան միջեւ շարունակուող երկխօսութիւնը թէ՛ Թիֆլիսի մէջ, թէ՛ Ուշինկթընի մէջ Վրաստանի դեսպանի միջոցով, նպատակ ունի ընդլայնել հայ-վրացական համագործակցութիւնը, աւելցնել վրացական եւ հայկական ներդրումները, ինչպէս նաեւ ընդարձակել ԱՄՆ օժանդակութիւնը` խրախուսելու Վրաստանի Սամցխէ-Ջաւախքի (Ջաւախքի) շրջանէն ներս աշխատատեղերու ստեղծումը:
«Վրաստանի դեսպանատունը, հետեւելով մեր կառավարութեան էական ջանքերը ապահովելու Սամցխէ-Ջաւախքի շրջանի եւ ամբողջ հանրապետութեան մեր բոլոր քաղաքացիներու տնտեսական զարգացումը, պատրաստ է աշխատելու ԱՄՆ Գոնկրէսի եւ վարչակազմի եւ ամերիկեան քաղաքացիական հասարակութեան կազմակերպութիւններու հետ , ներառեալ, իհարկէ, Ամերիկայի հայ համայնքին հետ` խրախուսելու համար ամերիկեան օժանդակութիւնը, որպէսզի բաւարարուին Սամցխէ-Ջաւախքի աշխատատեղերու ստեղծման, ենթակա- ռուցուածքներու, տեխնիկական եւ մարդասիրական կարիքները», - յայտարարեց ԱՄՆ-ի մէջ Վրաստանի դեսպան պրն. Թեմուրի Եակոբաշվիլին:
«Դեսպան Եակոբաշվիլիի եւ վրացական պաշտօնեաներու հետ համագործակցաբար, մենք յոյս ունինք ընդլայնել հայ եւ վրացի ժողովուրդներու միջեւ դարաւոր կապերը: Նման քայլեր են Սամցխէ-Ջաւախքի տնտեսական զարգացման միտուած վրացական կառավարութեան ներդրումներու աճը, ինչպէս նաեւ համատեղ աջակցութիւնը ԱՄՆ կողմէ Վրաստանին տրամադրուող օժանդակութիւնը, որը կը ներառնէ թիրախաւորուած օգնութիւն զգալիօրէն հայերով բնա- կեցուած այդ շրջանին մէջ», - յայտարարեց ԱՄՆ Հայ Դատի Յանձնախումբի նախագահ Քէն Խաչիկեանը:
Անցած Սեպտեմբերին, Խաչիկեանը այցելած էր Վրաստան եւ մի քանի հանդիպումներ ունեցած էր վրացի բարձրաստիճան ղեկավարներու եւ հայ համայնքի առաջնորդներու հետ, նպատակ ունենալով առաւել ուշադրութիւն սեւեռել այդ երկրի հայ համայնքի վիճակին:
Թիֆլիս եւ Ջաւախք կատարած մէկ շաբթուայ այցելութեան ժամանակ, որու ընթացքին Քեն Խաչիկեանին կÿուղեկցէր ԱՄՆ Հայ Դատի Յանձնախումբի արտաքին յարաբերութիւններու պատասխանատու Էլիզապէթ Չուլջեանը, քննարկուեցան ամերիկահայ համայնքի մտահոգութիւնները շրջանի սոցիալ-տնտեսական վիճակի եւ վրացահայ համայնքի մշակոյթի եւ լեզուի պահպանման խնդիրներու վերաբերեալ:
Խաչիկեանն ու Չուլջեանը հանդիպեցան Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Գրիգոլ Վաշաձէի, մշակոյթի նախարար Նիկոլոզ Ռուռուայի, կրթութեան, արդարադատութեան, տարածքային զարգացման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարութիւններու, շրջաններու անվտանգու- թեան խորհուրդի ներկայացուցիչներու հետ : Անոնք Վրաստանի մէջ ԱՄՆ դեպան Ճոն Պասի, ԱՄՆ միջազգային զարգացման գործակալութեան տնօրէն Ճոք Քոնելլիի եւ Հազարամեակի մարտահրաւէրներ միութեան տնօրէն Ճիմ Մաք Նիոլասի հետ քննարկեցին շրջանին տրամադրուող ամերիկեան օժանդակութեան հարցերը:
Թիֆլիսի եւ Ջաւախքի մէջ Հայ Դատի Յանձնախումբի ներկայացուցիչները զրոյցներ ունեցան հայկական հասարակական կազմակերպութիւններու լայն շրջանակի եւ հայ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներու հետ: