Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

ԹԵԼ ԱՎԻՎ

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու երէկ Իսրայէլի նախարարաց խորհուրդի նիստին սկիզբը իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ

«հրեայ ժողովուրդը բնաջնելու փափաքը տակաւին գոյութիւն ունի, ինչպէս որ կար 90 տարի առաջ, երբ նացիները «Ֆանզիէ» ընդհանուր ժողովի ընթացքին մեր ժողովուրդի զաւակները բնաջնջելու որոշումը տուին»՝ նշելով, որ «այդ մէկը արգիլելու կարողութիւնը փոխուած է»։

 

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա «Թայմ» ամսագրի հետ ունեցած է հարցազրոյց մը, որուն ընթացքին Միացեալ Նահանգներու դիւանագիտութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան մասին խօսելու ընթացքին հարցումներ եղած են Օպամայի եւ այլ երկիրներու ղեկավարներու յարաբերութիւններուն վերաբերեալ։ Օպամա պատասխանած է, որ օտար ղեկավարներու հետ բարի դրացիական յարաբերութիւնները դիւանագիտական յարաբերութիւններու համար առաջնակարգ կրնան ըլլալ։ Ան մասնաւորաբար նշած է, որ «ըստ իս, եթէ հարցնէք Անկելա Մերքելին, նախագահ Լիին, վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին կամ, ըսենք, Տէյվիտ Քամերոնին, ապա անոնք պիտի նշեն, որ իրենք ԱՄՆ նախագահութեան համար շատ վստահելի  մարդիկ են։ Մենք կը հաւատանք անոնց ըսածներուն։  Կը կարծենք, որ անոնք ուշադիր են նաեւ մեր շահերու նկատմամբ»։