«Հրանդ Տինք» հիմնադրամի հրատարակչութեան կողմէ հրապարակուած է Ֆերտա Բալանջարի կողմէ կազմուած «Լռութեան ձայնը. կը խօսին Թուրքիոյ հայերը» գիրքը։ Այս աշխատութիւնը բաղկացած է Պոլսոյ եւ Թուրքիոյ տարբեր քաղաքներու մէջ բնակող հայերու հետ կայացած հարցազրոյցներէ:
Մեծ Եղեռնի ընթացքին աքսորուած ու սպաննուած ընտանիքներու Արեմտահայաստանի մնացորդացը, վերածուած է լռող փոքրամասնութեան:
Գրքին մէջ տեղ գտած են 15 տարեկանէն մինչեւ 80 տարեկան 15 հայերու հետ կայացած հարցազրոյցներ: Բաւական դժուար եղած է Թուրքիոյ տարբեր կողմերը բնակող այդ հայերուն գտնելն ու անոնց խօսիլ տալ համոզելը:
Իրենց ընտանիքներու ծագման մասին հետագային տեղեկացողները, սկսած են ապրիլ երկու ինքնութեամբ՝ հայ եւ թուրք: Ոմանց եղբայրները, հօրեղբայրները շարունակած են ապրիլ կրօնամոլի՝‘ թուրքի ինքնութեամբ։ Այս թաքուն հայերէն մէկը հարցազրոյցի ընթացքին կÿըսէ «Ինքնութեան հետ կապուած ամէն ինչ թրքական է, ըստ էութեան, բայց յանկարծ իրազեկ կը դառնաս իս- կական պատմութեան, այն պատմութեան, որ իրա- կանացուցած է այն ազգութիւնը, որուն անունը գրուած է անձնագրիդ մէջ: Այս դրութեան մէջ գտնուող անձի մը համար շատ մեծ երկուութիւն է այս պարագան: Նման պարագայի մէջ ըլլալով, թրքական կողմս ամօթ կը զգայ, իսկ հայկականս` ահաւոր ցասում»։
Գաղտնի ինքնութեամբ ապրող այս հայերը միշտ վախի մէջ են, կÿուզեն պաշտպանուիլ ոչ միայն պետութենէն, հարեւանէն, բարեկամներէն: Այլ մէկը կը խոստովանի. «Հայրս ըսաւ, որ քեզ կրնան կեավուր (անհաւատ) կոչել։ Ուրիշներու ալ նոյնը կÿըսեն, բայց անոնք ձայն չեն բարձրացներ: Դուն ալ ձայնդ մի հաներ եւ ‘ տուն եկուր: Ձայն մի հաներ, նոյնիսկ եթէ մէկ ոսկորդ կոտրեն»: