Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր


Անցեալ շաբաթավերջին Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ շարք մը միջեկեղեցական խորհրդակցութիւններ տեղի ունեցան Արամ Ա. կաթողիկոսի նախագահութեամբ:

Առաջին հանդիպումը տեղի ունեցաւ վեհափառին եւ Ժորժ Սալիպա արքեպիսկոպոսին միջեւ՝ իբրեւ ներկայացուցիչը ասորի եկեղեցւոյ պետ Զագգա Ա. պատրիարքին: Սալիպա արքեպիսկոպոս վեհափառին փոխանցեց Զագգա պատրիարքին եղբայրական ողջոյնները, ապա անոնք խորհրդակցեցան Սուրիոյ մէջ քրիստոնէական միասնականութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութեան, Միջին Արեւելքի եկեղեցիներուն միջեւ գործակցութեան նոր թափ տալու, ինչպէս նաեւ‘ յառաջիկայ շաբաթ Ատիս Ապեպայի մէջ (Եթովպիա) տեղի ունենալիք կաթողիկէ եւ ուղղափառ աստուածաբանական երկխօսութեան առնչուած հարցերուն մասին:
Վերոյիշեալ հանդիպումին յաջորդեց այլ հանդիպում մը՝ ներկայութեամբ ասորի կաթողիկէ պատրիարք Իգնատիոս Եուսեֆ Եունանի, մարոնի համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար արքեպիսկոպոսի, Քոսթա Քայալ արքեպիսկոպոսի (ուղղափառ), դոկտ. Հապիպ Պատըրի (բողոքական) եւ դոկտ. Փոլ Ռուհանայի (Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար):
Խորհրդակցութեան գլխաւոր նիւթն էր Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդին աշխատանքը վերակազմակերպելու կարելիութիւնները շրջանին մէջ յառաջացած նոր մարտահրաւէրներուն դիմաց:

«ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՄԷՋ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐԸ ԿՈՉՈՒԱԾ ԵՆ ԽՕՍԵԼՈՒ ՄԷԿ ՁԱՅՆՈՎ»
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» թանգարանին մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին բացումը կատարելով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս յատուկ կարեւորութեամբ անդրադարձաւ եկեղեցիներու միասնականութեան նոր թափ տալու հրամայականին:
«Միջին Արեւելքի պատմութեան այս ճակատագրական  հանգրուանին եկեղեցիներու միութիւնը բարձրագոյն  աստիճանի կարեւորութիւն ներկայացնող առաջնահերթութիւն մըն է: Անկախ եկեղեցիներու միջեւ գոյութիւն ունեցող աստուածաբանական կամ դաւանաբանական տարբերութիւններէն, բոլոր եկեղեցիներն ալ կը պատկանին Քրիստոսի նոյն խորհրդական մարմնոյն՝ տարբեր անդամները ըլլալով նոյն մարմնին: Յատկապէս մեր շուրջը ստեղծուած դժուար պայմանները, ստեղծուող նոր մարտահրաւէրները, արթնութեան կոչ մըն են եկեղեցիներու ուղղուած որ անոնք իրենց էական միութիւնը արտայայտեն գործնապէս՝ միասին աղօթելով, միասին մտածելով, միասին               ծրագրելով ու միասին ծառայելով»:
Շարունակելով իր բացման խօսքը ֆրանսերէն լեզուով Վեհափառ հայրապետը ըսաւ թէ՝  «Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու Խորհուրդը շրջանի բոլոր եկեղեցիներուն հասարակաց տունն է: Խորհուրդը սոսկ կազմակերպութիւն մը կամ կառոյց մը չէ եկեղեցիներու կեանքէն ու վկայութենէն հեռու: Խորհուրդը եկեղեցիներն են միասնաբար Խորհուրդը կը պատկանի մեզի ու մենք կը պատկանինք անոր: Այս գիտակցութեամբ պէտք է մօտենանք Խորհուրդին եւ այս գիտակցութեամբ Խորհուրդը պէտք է ծառայէ եկեղեցիներուն»: Ապա Վեհափառ հայրապետը ըսաւ, թէ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի վերջին համաժողովէն յետոյ գործունէութեան ու ծառայութեան նոր շրջան մը կը բացուի Խորհուրդին առջեւ: Այս ծիրէն ներս Վեհափառ հայրապետը չորս գլխաւոր առաջնահերթութիւններ                             ճշդեց.- «Առաջին առաջնահերթութիւն՝ դաստիարակութիւն. սովորական իմաստով չէ որ պէտք է ըմբռնել դաստիա- րակութիւնը. անիկա հոգեմտաւոր կազմաւորում է եւ հետեւաբար  կարեւոր տարածքը կը կազմէ եկեղեցւոյ առաքելութեան: Դաստիարակութիւնը կը կատարուի տան մէջ, դպրոցին մէջ ու եկեղեցւոյ ճամբով: Արդ, յատուկ կարեւորութիւն պէտք է տրուի դաստիարակութեան, որովհետեւ այդ ճամբով է որ պիտի պատրաստուի վաղուան քրիստո-               նեան ու պիտի կերտուի վաղուայ քրիստոնեայ համայնքը: երկրորդ առաջնահերկթութիւն՝  ընկերային ծառայութիւն. դարձեալ ընկերային  ծառայութիւնը եկեղեցւոյ աւետարանչութեան կա- րեւոր մարզերէն մէկը            կը կազմէ: Եկեղեցին ինքզինք կÿարտայայտէ ու կÿիրագործէ ծառայութեան ճամբով: Շրջանի մեր եկեղեցիները յատուկ կարեւորութիւն տուած են ծառայութեան: Բազմաթիւ հիւանդանոցներ, ծերանոցներ բարեսիրական կեդրոններ կը գործեն եկեղեցւոյ հովանիին ներքեւ: Անհրաժեշտ է վերանորոգ թափով շարունալել այս աշխատանքը: երրորդ առաջնահերթութիւն՝ Քրիստոնեայ-Իսլամ Երկխօսութիւն. անդրադառնալով եկեղեցւոյ առքելութեան այս երեսին, կարեւորութեամբ կը շեշտենք թէ Միջին Արեւելքէն ներս Քրիստոնեայ-Իսլամ  երկխօսութիւնը մեր ամէնօրեայ կեանքին մաս կը կազմէ: Այլ խօսքով, ան սոսկ աստուածաբանական խօսակցութիւն չէ երկու կրօններու միջեւ: Այս հայեցակէտով դիտուած Խորհուրդը վերանորոգ թափով պէտք է շարունակէ Քրիստոնեայ-Իսլամ գործակցութիւնը: Չորրորդ առաջնահերթութիւն՝ յարաբերութիւն. յարաբերութիւնը Խորհուրդի ամէնօրեայ կեանքին ու գործին անբաժան մասը պէտք է կազմէ: Յարաբերութիւն անդամ եկեղեցիներուն հետ, յարաբերութիւն եկեղեցիներու սփիւռքներուն հետ, յարաբերութիւն արեւմուտքի եկեղեցիներուն հետ: Բնա- կանաբար տարբեր բնոյթի յարաբերութիւններ են ասոնք, սակայն ներկայ համաշխարհայնացած աշխարհին մէջ              անհրաժեշտ է որ Խորհուրդը տարբեր մօտեցումով վե- րակազմակերպէ իր յարաբերութիւնները յատուկ բաժանմունքի մը հաստատումով»:
Եզրափակելով իր բացման խօսքը Արամ Ա. կաթողիկոս ըսաւ. «Եկեղեցին դիտողի կամ հետեւողի կրաւորական վիճակին մէջ չի կրնար ըլլալ: Ան կոչուած է իր մասնակցութիւնը բերելու այն բոլոր աշխատանքներուն ու ծրագիրներուն, որոնց նպատակը արդարութեան, ազատութեան, մարդկային արժանապտուութեան ու մարդկային իրաւունքներու հասատատումն է: Այս հարցերը կամ նպատակները սոսկ քաղաքական չեն, այլ ըստ էութեան անբաժան մասը կը կազմեն եկեղեցւոյ առաքելութեան»:
Վեհափառ հայրապետին բացման խօսքէն ետք յաջորդաբար խօսք առին Իկնաս Եուսէֆ Եունան պատրաիրք ասորի կաթոլիկ եկեղեցւոյ, Փօլ Մաթար արքեպիսկոպոս (Պէյրութի մարոնիթ առաջնորդ), Քոսթաքայալ արքեպիսկոպոս (Հազիմ պատրիարքի նեկայացուցիչ), տոքթ. Հապիպ Պատըր (աւետարանական եկեղեցիներու ներկայացուցիչ), եւ տոքթ. Փօլ Րուհանա (Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Ընդհ. Քարտուղար): Բոլոր խօսողներն ալ շեշտեցին եկեղեցիներու միջեւ գործակցութիւնը առաւել ծաւալելու հրամայականը: