ՓԱՐԻԶ
Շատոնց է կը սպասուէր, վերջապէս պատահեցաւ անխուսափելին: Ուրբաթ, Յունուար 13ին Ֆրանսա կորսնցուց տնտեսական առողջութեան բարձրագոյն յայտարար՝ հռչակաւոր «AAA»ն վարկանիշը:
Այս կորուստը միայն տնտեսական հետեւանքներ պիտի չունենայ, այլ նաեւ՝ քաղաքական, նախագահական ընտրութիւններու նախօրեակին, ինչպէս դիտել կուտան ֆրանսական թերթերը: Ֆրանսայի հետ իր «AAA»ն կորսնցուց նաեւ Աւստրիան:
ՊՈՒՔՐԷՇ
Դարձեալ Ռումանիոյ մայրաքաղաքի փողոցնե- րը ողողեցին հազարաւոր ցուցարարներ, որոնք կը բողոքեն նախագահ Թրայան Պաշէսքուի դէմ, ոստիկանութեան կողմէ անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցած բախումներուն եւ բռնութիւններուն հետեւանքով: Ցուցարարները պաստառներ կը կրէին, ուր գրուած էր «Պաշէսքու = (հաւասար) Չաուշէսքու»: Ցոյցեր իրագործուեցան երկրի այլ քաղաքներու մէջ եւս:
ՀՌՈՄ
Costa Concordia զբօսաշրջական նաւու արկա- ծը հետեւանք էր նաւավարի շարունակական սխալներու: Այս եզրակացութեան կը յանգին ա-կանատեսներու սկզբնական փաստերը եւ խոստովանութիւնները: Խեղդուածներու թիւը կը հասնի 6ի: Դեռ կը փնտռուին 29 հոգի: