ՊՈՒՔՐԷՇ
Ռումանիոյ մէջ տասնեակ ցուցարարներ ոստիկանութեան դէմ բախումներ ունեցան Կիրակի օր, ծաւալուն բողոքի ցոյցի մը ընթացքին, մայրաքաղաք Պուքրէշի մէջ, ինչպէս եւ այլ մեծ քաղաքներու մէջ:
Ցուցարարները կը բողոքեն երկրի կառավարութեան դէմ, որ տնտեսական ճգնաժամը յաղթհարելու իմաստով՝ ժողովուրդը ճնշող շատ խիստ քայլերու ձեռնարկած է: 33 հոգի վիրաւորուեցան եւ շատեր ձերբակալուեցան:
ՊԱՂՏԱՏ
Զինեալներ յարձակում գործեցին Իրաքի Ռամատի քաղաքի ոստիկանական շէնքի մը դէմ: Վեց հոգի իրենց կեանքը կորսնցուցին եւ 14 հոգի վիրաւորուեցան: Սկզբնական ժամերուն խօսք եղաւ նոյնիսկ գերի վերցուած մարդոց մասին, բայց տեղեկութիւնները անյստակ են: Ինչպէս յայտնի դարձաւ աւելի ուշ, ինքնասպանութեան դիմած երկու քոմանտոսներ մուտք գործեցին շէնքէն ներս, ուր պայթում տեղի ունեցաւ:
ՓՐԻՍԹԻՆԱ
Սերպիայէն դէպի Քոսովօ ներմուծուող ապրան- քաշրջանառութեան դէմ բողոքի իբրեւ ար- տայայտութիւն, հարիւրաւոր ցուցարարներ համախմբուեցան Սերպական մաքսային անցակէ- տին առջեւ, քարեր արձակելով Քոսովոյի ոստիկանական ուժերուն դէմ: