Ատրպէյճանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Ռոլանտ Քոպիա «1նիուզ.ազ» կայքէջին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին պատասխանելով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահի Եւրոպական Միութեան համանախագահով փոփոխութեան կարելիութեան մասին հարցումի մը կը յայտնէ. «Նախեւառաջ կ'ուզեմ կրկնել, որ Եւրոպական Միութիւնը կ'աջակցին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի կողմէ ընդունուած՝ կարգաւորման միակ ձեւաչափին՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին։
Եւրոպական Միութիւնը հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորում կþուզէ, որովհետեւ համոզուած է սթաթիւս-քոյի անընդունելիունթեան եւ կուզէ շօշափելի ձեռքբերումներու ականատես կþուզէ դառնալ։ Եւրոպական Միութիւնը կը փորձէ նոր ուղիներ գտնել Մինսքի խմբակի աշխատանքի աջակցութեան եւ լրացման համար։ Ատոր վառ ապացոյցն էր Եւրոպական Միութեան քաղաքականութեան ղեկավար Քեթրին Էշթընի կողմէ Ֆիիլիփ Լըֆորին՝ Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչի պաշտօնին նշանակումը, որու լիազօրութիւնը տարածաշրջնաի հակամարտութիւններու կարգաւորումն ու արդէն գործող մեքանիզմներուն աջակցութիւնն է։
«Եւրոպական Միութիւնը նաեւ կþաջակցի Լեռնային Ղարաբաղի համայնքներու միջեւ վստահութեան ամրապնդման ուղղութեամբ, որովհետեւ համոզուած ենք, որ կապերու ամրապնդումը պիտի օգնէ գործնականին մէջ կեանքի կոչել խաղաղ համաձայնութիւնը, երբ անիկա կայացուի։ Բանակցային գործընթացի ներկայ փուլին մէջ ֆրանսական համանախագահութիւնը փոխելու մտադրութիւն չկայ։ Պէտք է շարունակել կարգաւորման ուղին գտնելու համար, եւ ոչ թէ կանգ առնել Մինսքի խմբակի կառուցուածքը փոխելու համար»։