Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Մարդոց իրաւունքներու միջազգային դատարանը կարեւոր վճիռ մը արձակեց երէկ Երեքշաբթի 10 Յունուարին, Թուրքիոյ կողմէ յոյն-կիպրացիներու տրուելիք հատուցումներու հսկայ  մեծ գումարներու որոշումը տալով:

1974ի թրքական ներխուժումէն ետք իրենց հարստութիւնները գրաւուած տեսած 13 յոյն կիպրացիներ, միացեալ դիմումով ներկայացան Եւրոպական դատարան: Երկար տեւած դատավարութենէն ետք, 21 միլիոն եւրօի հատուցման գումար որոշուեցաւ, որ իւրաքանչիւր դիմորդի պիտի բաժնուի՝ 100.000 եւրօէ մինչեւ 8 միլիոն եւրօ: Դատարանը որոշեց, որ Թուրքիա նիւթական եւ բարոյական վնաս հասցուցած է 13 դիմորդներուն, մինչ նոյն որոշումով՝ Թուրքիա պարտաւոր է 15.000 եւրօ գումարով դատական ծախսերը եւս ստանձնելու: