Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Թուրքիոյ պետութեան  կողմէ պատրաստուող նոր սահմանադրութեան համար, երկրի ոչ-մահմետական համայնքներու հոգեւոր պետերն ու ներկայացուցիչները Դեկտեմբերի վերջաւորութեան ի մի հաւաքուեցան Պատրիարքարանի փոքր դահլիճին մէջ:


Հաւաքին ու յոյն համայնքի պատգամաւորութեան գլխաւորեց յունաց Ն.Ս.Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. ծայրագոյն պատրիարքը, իր հետն ունենալով Ս. Սինոտի Բ. ատենադպիր Եոաքիմ սարկաւագը եւ Անտրէա Ռոմվոբուլոսը ու Անտոն Փարիզեանոսը: Հայ համայնքի պատգամաւորութեան կը գլխաւորէր Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. արք. Աթէշեանը: Յանուն ասորի Ուղղափառ համայնքի կը մասնակցէր հայր Փեթրոս վրդ. Կիւլչէ եւ Սաիթ Սուսինի գլխաւորութեամբ աշխարհականներ: Հրեայ համայնքէն ներկայ էր Իրաւաբան Նէտիմ Քարաքոն: Հրաւիրեալ էին Կալաթասարայի համալսրանէն իրաւաբան տոց. տքթ. Էմրէ Էօքթէմը եւ այլ իրաւաբաններ: Օրուան կազմակերպիչն էր Վաքըֆներու ատեանի անդամ Լաքի Վինկաս:
Բացումը կատարուեցաւ աղօթքով, ապա խօսք առաւ Ն.Ս.Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքը ու բարի գալուստ մաղթելէ յետոյ ըսաւ թէ «հաւաքուած ենք այս երկրին որպէս ոչ-մահմետական համայնքները, նոր պատրաստուող սահմանադրութեան մասին խորհրդակցելու եւ մեր առաջարկները տանելու»: Նորին Սրբութիւնը իր ուրախութիւնը յայտնեց որ կառավարութիւնը կÿուզէ ունենալ ոչ-մահմետական համայնքներու կարծիքը, որով պիտի ձեւաւորուի նոր սահմանադրութիւնը: Ան, շնորհակալութիւն յայտնեց հոգեւոր պետերուն ու ներկաներուն, ի մասնաւորի Հայոց Պատրիարքութեան եւ Պատրիարքական փոխանորդ բարձրաշնորհ սրբազան հօր հիւրասիրութեան համար:
Ն.Ս.Տ.Տ. Բարթոլոմէոս Ա. ծայրագոյն պատրիարքը ներկաներու ուշադրութիւնը հրաւիրեց երկու գլխաւոր կէտերու վրայ. Պատրիարքական աթոռներու ու ոչ-մահմետական համայնքներու հոգեւոր պետերու եւ իրենց աթոռներու օրինական իրավիճակին, ինչպէս նաեւ «հայրենակից» բառի իմաստին ու զայն ըմբռնելու ձեւին վրայ: Նորին սրբութիւնը ըսաւ թէ պէտք չէ օգտագործել «փոքրամասնութիւն» բառը:
Բարձ. Տ. Արամ Ս. արքեպիսկոպոս եւս ելոյթ ունենալով ընդգծեց, թէ բոլոր համայնքները գրեթէ նոյն հարցերը ունէին, որոնց մասին առաջարկ պէտք է տարուէր պատկան իշխանութեանց:
Եղան այս եւ նման նիւթերու մասին խորհրդակցութիւններ: Իւրաքանչիւր մասնակից պարզեց իր տեսակէտը:
Իրաւաբան Լուիզ Պաքար ըսաւ, որ այս նիւթերէն ոմանք դուրս են սահմանադրութենէն եւ առաջին առթիւ պէտք է աշխատիլ սահմանադրութեան հետ կապուած հարցերով: Իսկ Տոց. տքթ. Էմրէ Էօքթէմ ըսաւ որ յայտնուած հարցերու նման հարցեր ունի նաեւ երկրի մահմետական տարրը: Այստեղ կարեւոր է շեշտը դնել սահմանադրութեան 65-րդ յօդուածի բարելաւման վրայ: Յիշեալ յօդուածն է, որ կը սահմանէ «հայրենակից» հասկացողութիւնը: Տոց. տքթ. Էօքթէմ եւս ըսաւ թէ սահմանադրութեան մասին նիւթերը առաջնակարգ են, միւս նիւթերը զանազան օրէնքներու մաս կը կազմեն, որ սահմանադրութեան նիւթէն դուրս են:
Ելոյթ մը ունեցաւ նաեւ Լաքի Վինկաս, որ ըսաւ թէ «Պետութիւնը կը խօսի բարի կամեցողութեան, ժողովրդավարութեան եւ նման հարցերու շուրջ: Մենք ալ փոխանակ բողոքելու, մեր ներդրումը ունենանք այս աշխատանքին»: Ան, առաջարկեց իրաւաբաններէ ու  նիւթին քաջատեղեակ անձերէ յանձնախումբ մը կազմել, որ առաջին առթիւ տեղեկագիր մը պատրաստելով յղէ իւրաքանչիւր համայնքի հոգեւոր կեդրոնին: Հաւաքը աղօթքով վերջ գտաւ: