6 Յունուարին Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցին նշեց Ս. Ծննդեան տօնը:
Հայաստանի եւ համայն հայաշխարհի մէջ հաւատացեալները ուղղուեցան եկեղեցի,
սուրբ պատարագի համար, որ պատկերասփիւռի արբանեակային կայաններուն ճամբով
սփռուեցաւ աշխարհի բոլոր կողմերը:
Ս. Էջմիածինի մէջ, առաւօտեան հայրապետական թափօրը շարժեցաւ վեհարանէն՝ Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը եւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանը ամպհովանիով առաջնորդելով Մայր տաճար, ուր տօնին առիթով մատուցուեցաւ Ս. պատարագ: Պատարագի ընթացքին վեհափառին առընթերականերն էին Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի լուսարարապետ Յովնան եպս. Յակոբեան եւ վարչատնտեսական բաժանմունքի տնօրէն Մուշեղ եպս. Բաբայեան:
Պատարագի ընթացքին Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը իր պատգամը ուղղեց համայն հայութեան՝ Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով:
Գարեգին վեհափառի պատգամը
Վեհափառը մասնաւորապէս ըսաւ. «Այսօր մենք ցնծութեամբ օրհնաբանում ենք ծնունդը մեզ համար աշխարհ եկած Փրկչի, եւ խոստովանում՝ Դու ես մեր Տէրը, Դու ես մեր Փրկիչը, Դու ես աղբիւրը կեանքի եւ ճանապարհը յաւիտենութեան»:
«Աւետարանները պատմում են, թէ ինչպէս հեռաւոր երկրներից եկած իմաստուն մոգերը եւ մերձակայքում գտնուող հովիւներ փութացին դէպի քարայրը: Եւ երկրպագելով խանձարուրով փաթաթուած նորածին մանուկին՝ ողջունեցին Փրկչի գալուստը աշխարհ: Սքանչելախորհուրդ Ս. Ծննդեան տօնին ամէնքս ուխտաւոր ենք Բեթղեհէմի», ըսաւ վեհափառը՝ աւետելով. «Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ, ձեզ եւ մեզ մեծ աւետիս»:
«Քրիստոսին եւ Նրա պատուիրանների մերժումը ծնում է պատերազմներ ու աղէտներ, վնասում Երկիր մոլորակը, պատճառ դառնում հոգու եւ հոգեւորի տկարացման, նաեւ՝ աստուածաշնորհ կեանքի բռնի ընդհատման, սպանութիւնների, ինքնասպանութեան», նշեց Գարեգին Բ. կաթողիկոս շարունակելով. «Մեր օրերում, նաեւ մեր կեանքում հաւատաշէն գործերի, աստուածահաճոյ բազում ձեռնարկների կողքին ցաւով կարելի է տեսնել աստուածամերժ ընթացքներ, մեր ժողովրդի քրիստոնէական նկարագրին անյարիր բարքեր, ազգային նուիրական արժեհամակարգի խաթարում, նաեւ՝ հոգեւորի անտեսումով նիւթականի, դրամի գերարժեւորում, որը դառնում է գլխաւոր նպատակ՝ փոխանակ լինելու կեանքի արդար ու բարի ընթացքը կազմակերպելու միջոց»:
Իր պատգամի աւարտին վեհափառը հրաւիրեց հաւատացեալ ժողովուրդը աղօթելու եւ հայցելու Փրկիչէն. «Տէր, թող Քո Ս. Ծննդեան շնորհները լուսաւորեն աշխարհը համայն, խաղաղութեան հրեշտակաձայն աւետիսը հնչի երկրի բոլոր ծագերում, հաճութիւնն ու համերաշխութիւնը ուղեկից լինեն ազգերին ու ժողովուրդներին, եւ երջանկութիւնն ու խնդութիւնը թագաւորեն բոլոր ընտանիքներում: Թող Քո Ս. Ծննդեան լոյսի առջեւ նահանջեն ատելութիւն եւ հակառակութիւն, յուսաբեկութիւն, անտարբերութիւն, դառնութիւն եւ տխրութիւն, եւ համայն աշխարհը պարուրուի Քո պարգեւած սիրով ու յոյսով: Քո խնամքի մէջ սիրով, միաբան պահպանիր, Տէր, աշխարհասփիւռ ազգիս հայոց եւ պարգեւիր բարօր ու շէն կեանք, բարգաւաճում եւ հզօրութիւն՝ Հայաստան եւ Արցախ մեր երկրին, առաւել լոյս ու պայծառութիւն՝ Առաքելական մեր սուրբ եկեղեցուն, եւ մենք՝ Քո խօսքին հաւատարիմ, գործերով վկայենք մեր հաւատքը՝ մեր սրտերում միշտ զգալով ուրախութիւնը կենսապարգեւ Քո ներկայութեան եւ ցնծութեամբ աւետելով բարի լուրը Քո Սուրբ Ծննդեան»:
Պատարագէն ետք Գարեգին Բ. կաթողիկոս ի յիշատակ Յիսուսի մկրտութեան կատարեց ջրօրհնէքի արարողութիւն:
Ս. ԾՆՈՒՆԴԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ
Ս. Ծննդեան տօնին առիթով Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ սուրբ եւ անմահ պատարագը մատուցեց Արամ Ա. կաթողիկոս: Պատարագիչ վեհափառին շուրջն էին իբ-րեւ խարտաւիլակ Կոմիտաս արք. Օհանեան եւ Նորայր եպս. Աշըգեան եւ իբրեւ օգնական՝ Մեսրոպ վրդ. Սարգիսեան եւ Ղեւոնդ վրդ. Բենդեզեան: Հաւատացեալներու հոծ բազմութեան շարքին ներկայ էին մեծ թիւով պաշտօնական անձնաւորութիւններ: Ս. Ծննդեան տօնի պատարագին խորհրդարանի նախագահ Պըրրին կը ներկայացնէր երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին:
Յընթացս սուրբ պատարագին, Արամ Ա. կաթողիկոս տուաւ հոգեշունչ քարոզ մը: Վեհափառը Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով հայրապետական օրհնութեամբ շնորհաւորեց ամբողջ հայութիւնը: Ան ողջունեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանը, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանը: Եղբայրական սիրով ողջունեց Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը եւ Երուսաղէմի ու Կ. Պոլսոյ հայոց պատրիարքները՝ մաղթելով անոնց նորանոր իրագործումներ իրենց առաքելութեան մէջ:
Արամ Ա. կաթողիկոս Աստուծոյ Որդւոյն ծնունդը Բեթղեհէմի մէջ նկարագրեց իբրեւ «մարդկութեան առջեւ բացուած նոր ճամբայ»: Վեհափառը ըսաւ. «Անորոշութեան ու տագնապի մէջ գտնուող մարդկութիւնը կը փնտռէր դէպի խաղաղութիւն ու արդարութիւն առաջնորդող ճամբայ մը: Փիլիսոփաներ չէին կրցած այդ ճամբան գտնել: Մարգարէներ չէին կրցած այդ ճամբան բանալ: Հին աշխարհի մեծ կայսրութիւնները եւս չէին կրցած մարդկութեան ցոյց տալ խաղաղութեան ու արդարութեան, լոյսի ու յոյսի ճամբան: Բեթղեհէմը եղաւ մարդկութեան առջեւ բացուած ճշմարիտ ճամբան: Արդարեւ, Բեթղեհէմին մէջ մարդեղացած Քրիստոս ոչ միայն խօսեցաւ ճշմարիտ ճամբուն մասին, այլեւ իր կեանքով ու առաքելութեամբ, իր ուսուցումներով ու հրաշքներով եւ մանաւանդ իր խաչով ու յարութեամբ մարդկութեան առջեւ բացաւ դէպի Աստուած առաջնորդող ճշմարիտ ճամբան, եւ ըսաւ՝ ով որ ինծի կը հաւատայ, թող այս ճամբէն քալէ»:
Շարունակելով իր խօսքը Արամ Ա. կաթողիկոս ըսաւ. «Քրիստոնեայ ըլլալ կը նշանակէ քալել Քրիստոսի բացած ճամբէն: Քրիստոսի ճամբան սիրոյ ճամբան է՝ ատելութիւն սերմանող աշխարհին ճամբաներուն դիմաց: Քրիստոսի ճամբան ճշմարտութեան ճամբան է՝ կեղծիք տարածող ճամբաներու դիմաց: Քրիստոսի ճամբան արդարութեան ճամբան է՝ անարդարութեան առաջնորդող աշխարհի ճամբաներուն դիմաց: Քրիստոսի ճամբան խաղաղութեան ճամբան է՝ դէպի պատերազմ տանող աշխարհի ճամբաներուն դիմաց: Սակայն չմոռնանք, որ Քրիստոսի ճամբան խաչակեդրոն ճամբայ է. այլ խօսքով՝ հաւատքի ու նուիրումի, սիրոյ ու ծառայութեան ճամբայ»: