Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Նոր տարուան առաջին օրը՝  1 Յունուարին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ սուրբ եւ անմահ պատարագ: Ապա վեհարանի դահլիճին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս իր հայրապետական պատգամը ուղղեց ներկաներուն:


Ողջունելով նոր բացուող 2012 տարին, վեհափառը ըսաւ, թէ «արժեւորում եւ ծրագրում պէտք է դառնան Նոր տարուան մեր կեանքին ու գործին մղիչ ուժը: Պէտք է նայինք անցեալին՝ տեսնելու, թէ ի՛նչ իրագործումներ կատարած ենք ու միաժամանակ ի՛նչ թերացումներ ունեցած մեր անհատական թէ հաւաքական կեանքին մէջ: Դիւրին է մեր իրագործումները տեսնելը, սակայն յաճախ   դժուար մեր թերացումները տեսնելն ու ընդունիլը: Ախտաճանաչումը մեզ յաջողութեան առաջնորդող ամէնէն ապահով ճամբան է. ան երաշխիքն է նոր իրագործումներու»:
Ապա վեհափառը անդրադառնալով մեր առջեւ բացուող Նոր տարուան՝ ըսաւ. «Արժեւորումին պէտք է միանայ ծրագրումը: Անցեալին պէտք է նայինք, որպէսզի ապագան ճի՛շդ տեսնենք: Թերութիւնները պէտք է ընդունինք ու սրբագրենք, որպէսզի աւելի՛ լաւը կատարենք: Հոն, ուր ծրագրում չկայ, հոն կը տիրէ պատահականութիւնը եւ անորոշութիւնը: Մեր անհատական թէ հաւաքական կեանքը հեռու պէտք է մնայ անորոշութենէն եւ ան պէտք չէ դառնայ պատահա- կան աշխատանքներու անգոյն, անդիմագիծ ու աննպատակ կեանք մը: Նպատակասլաց կեանք կ՛ենթադրէ ծրագրուած կեանք: Ան նաեւ կ՛ենթադրէ ամբողջական նուիրում ու խոր հաւատք»:
Արամ Ա. կաթողիկոս 2012-ին համար իբրեւ իւրաքանչիւր հայու եւ ամբողջ հայութեան համար կեանքի ու գործի նպատակ ճշդեց հետեւեալ հինգ սկզբունքները.  ա) Մեր հոգեւոր կեանքի վերանորոգում:
բ) Մեր միասնականութեան ամրապնդում՝ Հայաստան-սփիւռք գործակցութեամբ: գ) Հայաստանի ու Ղարաբաղի հզօրացում:
դ) Սփիւռքի վերակազմակերպում՝ նոր մարդուժի պատրաստութեամբ ու կառոյցներուն վերաշխուժացումով:
ե) Ազգային պահանջատիրութեան հզօրացում: