Գերաշնորհ
Տ. Խորէն եպս. Տողրամաճեան
Առաջնորդ Յունաստանի թեմին
Աթէնք
Սիրելի՛ Սրբազան,
Վերանորոգ յոյսով դարձեալ մեր հոգիի աչքերը կÿուղղենք Բեթղեհէմին: Արդարեւ, յուսահատութեան ու անորոշութեան տիղմին մէջ խրած հին աշխարհը կը սպասէր Մեսիան,
որպէսզի մարդը ազատագրէր չարի ու մեղքի ճիրաններէն: Բեթղեհէմի ճամբով Աստուծոյ Որդին եկաւ նոր յոյս ներշնչելու եւ իր կեանքով ու առաքելութեամբ ցոյց տալու մարդուն դէպի Աստուած առաջնորդող յոյսի ճամբան: Աստուծոյ Որդին իր մարդեղութեամբ, մարդուն մէջ վերահաստատեց Աստուծոյ ներկայութեամբ ապրելու եւ իր կեանքը իմաստաւորելու յոյսը:
Արդարեւ, մեր կեանքի բոլոր պայմաններուն մէջ Բեթղեհէմը կը մնայ մարդուն յոյսին աղբիւրը:
Իր պատմութեան տխուր թէ ուրախ ժամանակներուն, հայ ժողովուրդը Բեթղեհէմէն ճառագայթող յոյսով իր կեանքը շաղախեց ու իր ճամբան լուսաւորեց: Ներկայ աշխարհի դժուար պայմաններուն մէջ, մենք որքա՜ն կարիքը ունինք աստուածատուր յոյսին, Հայաստանի, Արցախի թէ Սփիւռքի մէջ: Քրիստոսի աստուածայայտնութեան տօնը հրաւէր մըն է մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն կառչած մնալու Բեթղեհէմեան յոյսին, որովհետեւ Առաքեալի բառերով՝ Բեթղեհէմի յոյսը «ոչ երբեք ամաչեցուցանէ» (Հռոմ, Ե. 5):
Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով, Հայրապետական օրհնութեամբ կÿողջունենք Ձեզ, Ազգային Իշխանութիւնը եւ Ձեր հոգեւոր խնամքին յանձնուած մեր ժողովուրդի զաւակները: Թող յոյսի աղբիւրէն՝ Բեթղեհէմէն եկող ճառագայթներով պայծառակերպուի Ձեր եւ Ձեր թեմի ժողովուրդին կեանքը:
Հայրական ջերմ սիրով,
Աղօթարար՝
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ