ՓԱՐԻԶ, «Ազատութիւն».- «Ֆրանս Փրէս»ի տեղեկութիւններով՝ Ֆրանսայի մէջ Թուրքիոյ դեսպանը շուտով Փարիզ պիտի վերադառնայ:
Նշենք, որ դեսպանը Դեկտեմբեր 23ին խորհրդակցութիւններու նպատակով Անգարա կանչուած էր՝
Ֆրանսայի խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծին որդեգրման դէմ իբրեւ բողոքի արտայայտութիւն:
Ըստ թրքական «Զաման» թերթին, դեսպանը Փարիզ կը վերադառնայ կանխելու համար օրի-նագիծին հաստատումը Ծերակոյտին մէջ: