Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Որո՞նք էին այն 11 կարեւորագոյն դրուագները, որ ցնցեցին աշխարհը

1 ¬ 2011ը խորհրդանշուեցաւ ժողովրդային բողոքի ցոյցերու ծաւալած ալիքով, որ հետզհետէ համակեց ազգերը՝ Միջին Արեւելքէն մինչեւ Նիւ Եորք եւ ռազմական արիւնլուայ ճակատներէն մինչեւ հրապարակներու խաղաղ գրաւումները։

2 ¬ Արաբական աշխարհը ապրեցաւ «Գարունը» եւ իր վրայէն թօթափեց ճնշող բռնատէրներու իշխանութիւնը:

3 ¬ «Վրդովածներու» ալիքը ճամբայ ելաւ Մատրիտէն եւ հասաւ Յունաստան եւ Նիւ Եորք, ամիսներ շարունակ գրաւումի տակ պահելով մայրաքաղաքներու կեդրոնական հրապարակներ եւ կեդրոնական ճամբաներ։

4 ¬ Ամերիկեան Փենթակոնը յաջողեցաւ զգետնել «Ալ Քայտա»ի թիւ մէկ ղեկավարը՝ Օսամա Պըն Լատենը, զինք ձերբակալելով Փաքիստանի մէջ, ապա սպաննելով եւ դիակը գաղտնի տեղ մը թաղելով։

5 ¬ Նորվեկիոյ մէջ ծայրայեղ աջակողմեան երիտասարդ մը, ամբողջ մարդ-կութիւնը ցնցեց, երբ յարձակում գործեց անմեղ երիտասարդներու վրայ,  սպաննելով 77 հոգի:

6 ¬ Աշխարհի միւս ծայրը՝ Ճափոնի մէջ երկրաշարժ մը եւ անոր յաջորդած Ֆուքուշիմայի կորիզային կայանի կործանումը, մարդկութիւնը դէմ յանդիման բերին հիւլէական սպառնալիքին։ 16.000 ճափոնացի իրենց կեանքը կորսնցուցին, 6.000 վիրաւորուեցան, 3.500 կորսուեցան։ Ճամբաներ, նաւահանգիստներ, շէնքեր եւ ընդարձակ շրջաններ կործանեցան։

7 ¬ Մամուլի եւ զանգուածային լրատուամիջոցներու անբարոյականութիւնը ի յայտ եկաւ, երբ Ռուբերթ  Մերտոքի News of the World թերթի գայթակղութիւնը բացայայտուեցաւ, լրագրական հետազօտութեան անունով կատարուած կասկածելի խուզարկումներու դէպքերէ ետք։

8 ¬ Քամպոճիայի մէջ 1975¬1979 ժամանակաշրջանին ընթացքին միլիոնաւոր մարդոց սպանութեան պատասխանատու երեք բարձրապաշտօն անձեր դատի կոչուեցան։ Ցեղապաշտական մղումներէ առաջնորդուած մաոյիստները՝ սառած դէմքերով հետեւեցան դատաւորութեան, ուր լրիւ ճշմարտութիւնը յայտնի չդարձաւ, այսուհանդերձ արդար հատուցման առաջին քայլը կատարուեցաւ, ահաւոր ոճիրի իրագործումէն երեք տասնամեակներ յետոյ։

9 ¬ Լա Հէյի դատարանը յանձնուեցաւ սերպ պոսնիացի զօրավար Ռաթքօ Մլատիչ, որ ձերբակալուեցաւ Սերպրենիցայի մէջ ջարդերէն 16 տարի ետք։
Մլատիչի ձերբակալութիւնը ճամբայ բացաւ Սերպիոյ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան համար։

10 ¬ Թունիզէն եւ Եգիպտոսէն ետք, Լիպիոյ ժողովուրդը ըմբոստացաւ, 42 տարուայ բռնատէր Մոամար Քատաֆիի վարչակարգին դէմ։  Քատաֆի ռմբակոծումներով եւ յարձակումներով պատասխանեց ժողովուրդի բողոքին, մինչեւ որ ֆրանսական¬բրիտանական¬ամերիկեան զինուորական ուժերը միացան եւ հակադարձեցին ռմբակոծումներուն։ Քատաֆի փորձեց փախուստի դիմել, բայց անյաջող։ Ան յայտնաբերուեցաւ ըմբոստներուն կողմէ, յարձակումի եւ ծեծկտռտուքի ենթարկուեցաւ ու սպաննուեցաւ։ Քատաֆիի դիակը օրերով պահուեցաւ սառնարանի մը մէջ, ապա թաղուեցաւ Լիպիոյ անապատի անյայտ մէկ կողմը։

11 ¬ 50 տարուայ ազգամիջեան պատերազմէ ետք, վերջապէս ստեղծուեցաւ Հարաւային Սուտանի նոր պետութիւնը։ Կայացած հանրաքուէի մը արդիւնքին համաձայն՝ հարաւ¬սուտանցիներու 99 առ հարիւրը թեր քուէարկեց Սուտանէն անջատուելու մասին։
(«Թօ Վիմա», in.gr)