Բեթղեհեմի Սուրբ Ծննդեան եկեղեցւոյ մէջ հերթական ծեծկռտուք տեղի ունեցած է հայ եւ յոյն հոգեւորականներուն միջեւ: Associated Press ամերիկեան գործակալութիւնը կը տեղեկացնէ թէ հայեր ու յոյներ վիճած են եկեղեցւոյ մէջ իրենց յատկացուած հատուածի շուրջ։ Կողմերը բաժնուած են ոստիկանութեան աշխատակիցներու ջանքերով միայն:
Հայ եւ յոյն հոգեւորականներու միջեւ նախատօնական վէճերն ու ծեծկռտուքները տխուր աւանդոյթի վերածուած են։ Հայ առաքելական, յոյն ուղղափառ եւ Հռոմի կաթոլիկ եկեղեցիները եկեղեցւոյ տարբեր հատուածները կը տնօրինեն, անոր հետեւանքով, յատկապէս եկեղեցւոյ մաքրման աշխատանքներուն ժամանակ, պարբերաբար վէճեր կը ծագին եկեղեցիներու հետեւորդներուն միջեւ։