Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

ԱՄՎԵՐՍ
320  քիլօ թմրեցուցիչ (քոքային) յայտնաբերած է պելճիքական ոստիկանութիւնը, որ Պելճիքայէն Պրազիլ կը փոխադրուէր: Թմրեցուցիչի արժէքը 10-12 միլիոն եւրօ է:

ԼՈՆՏՈՆ
Անգլիական TIMES թերթը «Տարուայ դէմք» հռչակած է Թունուզի մէջ ինքնահրկիզուած Մոհամեմ Պուազիզի, նշելով թէ իր մահով սկիզբը դրուեցաւ ժողովրդային յեղափոխութիւններուն, որ ծաւալեցան՝ նախ իր երկրին մէջ, ապա Միջին Արեւելքի երկիրներուն մէջ:

ՊՐԱԶԻԼԻԱ
Մէկ միլիոնէ աւելի երեխաներ, 10-12 տարեկան, կը շարունակեն աշխատիլ Պրազիլի մէջ, հակառակ իշխանութիւններու կողմէ իրագործուած արշաներուն՝ ընդդէմ մանկական աշխատանքին: Ամազոնի շրջանին մէջ երեխաներու աշխատանքը կը հասնի 10%ի: