Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

ՀՕՄ-ը կ'օժանդակէ Սուտանի սովահարներուն 


ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը յայտարարեց Սուտանի սովահարներուն համար հանգանակային իր արշաւի աւարտը, ՀՕՄ-ի միաւորներուն ու համակիրներուն ճամբով այդ նպատակին համար $4,162 (չորս հազար հարիւր վաթսուն երկու ամերիկեան տոլարի գումարը)  գոյացնելէ ետք։


«ՀՕՄ-ը հայկական այն կազմակերպութիւնն է, որ կը տագնապի աշխարհի որեւէ անկիւնի մէջ տառապող մարդոց, յատկապէս կանանց եւ երեխաներու խնդիրներով։ Որպէս մարդ անհատներ եւ որպէս կիներ ու մայրեր, կը փորձենք այդ տագնապներէն ոմանց մեղմացման օգտակար ըլլալ։ Այս ծիրին մէջ էր, որ Dorcas Aid կազմակերպութեան հետ միասին ձեռնարկեցինք Սուտանի սովահարներուն օժանդակութեան գործին»,- յայտնեց ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատե-նապետ Վիգի Մարաշլեանը։
«Դժբախտաբար մեր կարելիութենէն վեր է հասնիլ ամենուրէք. այդ պատճառով ալ պարտաւոր ենք ընտրութիւն ընել եւ փորձել օգտակար հանդիսանալ այն պարագաներուն, ուր մեր ներդրումը կրնայ իսկապէ՛ս ազդեցութիւն ունենալ եւ այդ օժանդակութիւնը յաճախ կը փորձենք միացնել բարեսիրական եւ ոչ-կառավարական այլ կազմակերպութիւններու ճիգին, իսկապէս դրական ազդեցութիւն արձանագրելու համար տագնապահար մադոց կեանքին մէջ»,- յայտնեց ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան փոխ-ատենապետ Նայիրի Շահինեանը։
«Dorcas Aid America-ն մեծապէս կը գնահատէ Հայ Օգնութեան Միութեան ու անոր աշխարհատարած միաւորներու նախաձեռնութիւնը, որ կը միտի օժանդակութեան ձեռք մեկնել ափրիկեան տագնապահար այս տարածքի զոհերուն»,- յայտնեց Dorcas Aid America-յի վարիչ տնօրէն Տիգրան Եումուշաքեանը։ «Շնորհակալ ենք Աստուծոյ բոլոր այն մարդոց համար, որոնք այսպէսով կը միանան սովեալներուն սնունդ, ծարաւներուն ջուր եւ անպաստսպարներուն ապահովութիւն  տալու մեր ճիգին»,- եզրակացուց ան։
Նշենք, որ անկախ Dorcas Aid America-յի ճամբով կատարուած օժանդակութեան կողքին, ՀՕՄ-ի միաւորներ UNICEF-ի ճամբով եւս օժանդակութեան ձեռք մեկնած են Սուտանի սովահարներուն:
Յիշեցնենք նաեւ, որ մի քանի ամիս առաջ ՀՕՄ-ը աւելի քան 23 հազար ամերիկեան տոլար տրամադրած էր Ճափոնի երկրաշարժի եւ ցունամիի զոհերուն: Գումարը գոյացած էր ՀՕՄ-ի աշխարհացրիւ միաւորներու, անդամներու եւ համակիրներու մասնակցութեամբ:
ՀՕՄ-ը հայ կանացի հնագոյն եւ ամենատարածուն կազմակերպութիւնն է, որ կը գործէ 27 երկիրներու մէջ աւելի քան 15 հազար անդամներով: Բարեսիրական այս կազմակերպութիւնը ՄԱԿ-ի կողմէ պաշտօնապէս ճանչցուած է, որպէս ոչ-կառավարական կազմակերպութիւն:


ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 24-ԻՆ ԱԽԱԼՔԱԼԱՔԻ ՄԷՋ  ՆՇՈՒԵՑԱՒ ՎՀՕՄ-Ի 10-ԱՄԵԱԿԸ

Դեկտեմբեր 24-ին Ախալքալաքի «Արարատ» հիւրանոցի սրահին մէջ շքեղ տօնակատարութեամբ նշուեցաւ ՎՀՕՄ-ի (Վրաստանի Հայ Օգնութեան Միութեան) 10-ամեակը: ՎՀՕՄ-ի 10-ամեակին նուիրուած միջոցառման ներկայ եղան Սամցխէ-Ջաւախքի հայկական տարբեր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ հիւրեր այլ շրջաններէ:
Միջոցառման ընթացքին  Ախալցխայի եւ Ախալքալաքի երիտասարդական կեդրոններու  սաները հիւրերուն ներկայացուցին  շարք մը հայկական ժողովրդական պարեր ու երգեր:
Ախալցխայի Հայկական Կրթամշակութային Կեդրոնի «Գոհանամք» երգի ու պարի համոյթը իր հիասքանչ կատարումներով ուղղակի հիացուց միջոցառման բոլոր հիւրերը: Համոյթը հանդէս եկաւ՝ «Ուզումդարա», «Փափուռի», «Շիրակի պար», «Կտոր մը  երկինք», ինչպէս նաեւ ազգագրական այլ պարերու ներկայացումով:
Տօնակատարութեան ժամանակ ՎՀՕՄ-ի ատենապետուհի՝ ընկ. Կարինէ  Թադեւոսեանը իր խօսքին մէջ խորին շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն եւ ներկայացուց կազմակերպութեան գործունէութիւնը հիմնադրութեան  օրէն ի վեր:  ՎՀՕՄ-ը ամէն տարի կ'իրականացնէ բազմաթիւ  ծրագրեր եւ կ'օգնէ լաւագոյն ուսանողներուն, որոնց ընտանիքները կը գտնուին չքաւորութեան մէջ, ինչպէս նաեւ ուսումը կը վճարէ «Երեմեան» կրթաթոշակի միջոցաւ: Կազմակերպութիւնը նաեւ փոքրիկ ծրագրերով կ'օժանդակէ ծննդատուներուն  եւ հաշմանդամներու  ընտանիքներուն:
Տօնական միջոցառման աւարտին տարածաշրջանի տարբեր հայկական կազմակերպութիւններու  ներկայացուցիչներ ՎՀՕՄ-ի 10-ամեակի առիթով փոքրիկ յուշանուէրներ նուիրաբերեցին:

 

www.ars1910.org
ՀՕՄի կայքէջին միջոցաւ կարելի է մասնակցիլ Ջաւախքի բազմազաւակ ընտանիքներուն ի նպաստ իրագործուող հանգանակութեան