''Բոլոր ազգերը թող հասնին լուսին, միայն թէ հայը հասնի Մասիսին''
Շիրազեան ամանորիայ այս մաղթանքով է, որ Ուրբաթ 23 Դեկտեմբեր 2011ին, Քաթարի Մեսրոպեան շաբաթօրեայ վարժարանի տնօրէնուհի՝ տիկին Լենա Հալաճեանը բաց յայտարարեց ամանորեայ ձեռնարկը։
Այդ օր, Քաթարի Լիբանանեան վարժարանը գեղեցկացուած էր ոչ միայն ամանորեայ ոսկեգոյն զարդերով, այլ նաեւ հայ մանուկներու քաղցր ժպիտով ու անուշ շարժուձեւերով։ Անոնք աննկարագրելիօրէն ուրախ ու ոգեւորուած էին, որովհետեւ իրենց սովորական առօրեան մէկդի թողելով, բեմ պիտի բարձրանային իրենց ծնողաց եւ հայ գաղութին ներկայացնելու այն ինչ որ սորվեցան մայրենի հարազատ լեզուով։ Այո, անոնք այլ լեզուներու մէջ բնականաբար աւելի հմուտ են, սակայն հայերէնը կը մնայ իրենց արմատներուն կարչելու ու հայրենիքի հետ կամրջուելու լաւագոյն միջոցը։
Հայկական շունչով մը գունագեղուած բեմին վրայ յաջորդաբար ներկայացուեցան Փրկիչին ծնունդը աւետող թատրոն մը ու հայկական երկու պարեր, որոնցմէ անմիջապէս յետոյ, բոլոր աշակերտները բեմ պիտի բարձրանային կաղանդի երգերու փունջ մը ներկայացնելու ու կաղանդ պապան դիմաւորելու։ Այս տարի կաղանդ պապան իր հետ ունենալով կինը՝ կաղանդ մաման, մթնոլորտը ալ աւելի ճոխացուցին կին - ամուսին վիճաբանական զաւեշտով մը։ Աշակերտներ, այս վերջին երկուքի հաճելի ներկայութեամբ շարունակեցին երգել եւ դասարան առ դասարան ներկայացուցին իրենց սորված արտասանութիւնները։ Նուէրներու բաշխումէն ետք, անոնք հայ մանուկի դպրոցական քայլերգով փակեցին օրուայ ձեռնարկի բեմական բաժինը։ Բեմէն հեռու, մայրերու եւ ուսուցչուհիներու աշ-խատանքով կատարուեցաւ ամանորեայ ուտեստեղէններու ու հայկական ձե- ռագործներու վաճառք։
Ընդհանուր իր կազմակերպութեամբ ու ներկայացումով կարելի է Մեսրոպեանի ձեռնարկը բաւականին յաջող գնահատել, որովհետեւ աշխատանքի ձեռնարկողները մասնագէտներ չէին, այլ սիրողական ծառայութեամբ ու աշխատանքի ընդմէջէն փորձառութիւն շահած մայրերն եւ ուսուցչուհիները։ Վարժարանի տնօրէնուհին նշեց թէ «ձեռնարկի նախօրեակին կային դժուարութիւններ, ինչպէս փոքրիկներու եւ ծնողաց բազմազբաղ առօրեային հետ յարմարելով կարճ ժամանակի մը ընթացքին փորձերու նախաձեռնելը։ Ասոր կողքին, կար նաեւ սրահ ապահովելու խնդիր, որովհետեւ այլ հայ գաղութներու նման այստեղ չ՛ունինք մեր ազգային սեփական կեդրոնները կամ սրահները»։
Յոյսով ենք, որ նոյն ոգիով ու նուիրումով շարունակուին այս օրինակելի դպրոցին աշխատանքները, եւ ինչու չէ, նաեւ իրենք՝ հայ մանուկները առիթը ունենան վայելելու այլ հայկական ձեռնարկներու մօտ ներկայութիւն, որպէսզի իրենց հոգիներուն մէջ վառ մնայ հայրենասիրութիւնը եւ հայօրէն ապրելու փափաքը։ Այլապէս ոչ թէ տուն, այլ Մասիսը իրենց հոգիներուն մէջ բերելը դժուար որ իրականանայ...
Գարօլին Մսրիէ - Սերոբեան