Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Դեկտեմբեր 23ի երեկոյեան, փարիզեան արուարձաններէն Վիթրիի մէջ, չորս հայ երիտասարդներ հայերէն խօսելով կայարան մօտենալու պահուն, երեք երիտասարդ անձերու կողմէ հարցապնդուած են, իրենց խօսած լեզուին մասին։

Երբ անոնք ստացած են «հայերէն» պատասխանը, յանկարծակիօրէն արտասուաբերներով յարձակած են հայ երիտասարդներուն վրայ, պոռալով թէ իրենք թուրք են եւ չեն սիրեր հայերը։
Հայ երիտասարդներէն մէկուն բռունցքի հարուածէն ետք անոնք հեռացած են։ Բայց հայ երիտասարդները տուն վերադարձած են այրած երեսներով, գէշ վիճակի մէջ։