Ֆրանսայի «Հայկական Ցեղասպանութեան ժխտումը դատապարտող օրէնքի հեղինակ Վալերի Պոյէր Թուրք կայքահէններու կողմէ իր կայքին վրայ յարձակումէն ետք, կը շարունակէ բազմաթիւ սպառնալիքներ ստանալ թուրքերէն:
Պոյէր նախապէս BFM հեռուստաալիքին յայտնած էր, որ ան մահուան եւ բռնաբարութեան սպառնալիքներ կը ստանայ,- «Այս բոլորը զիս մեծապէս կը ցնցեն: Իմ կարծիքովս պէտք է բողոքարկեմ: Այդպէս ալ պիտի ընեմ»,- ըսած է ան:
Պոյէր Ծննդեան իր արձակուրդը կէս ձգելով ներկայացած է Փարիզի ոստիկանութիւն եւ բողոքի դիմում ներկայացուցած է: Բազմաթիւ լրատուամիջոցներ եւ հեռուստաալիքներ ներկայ եղած են ոստիկանութեան շէնքին առջեւ: Պոյէրի facebook-ի էջին մէջ թրքերէն, անգլերէն եւ ֆրանսերէն բազմաթիւ հայհոյանքներով լեցուն հաղորդագրութիւններ գրուած են: Ֆրանսացի երեսփախանուհին facebook-ի իր էջին մէջ շարադրած էր բոլոր այն պատճառները, որոնց հիման վրայ առաջարկած է ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող բանաձեւը, նշելով, թէ «այն ֆրանսացիները, որոնք արմատներով հայ են, կ'ապրին Ֆրանսայի մէջ, իրաւունք ունին պաշտպանուելու բոլոր այն մարդոց կողմէ, որոնք կ'արատաւորեն իրենց նախնիներուն յիշատակը: Այս օրէնքին նպատակն է պատժել բոլոր անոնց, որոնք մեր տարածքին մէջ կը վիճարկեն ցեղասպանութեան փաստը:
Ըստ «Հուրրիէթ»ի՝ «Լէ Ֆիկարօ» թերթը վկայակոչելով ներքին գործոց նախարարութեան պատասխանատուներու փոխանցած տեղեկութիւնները կը գրէ, թէ Պոյէր որոշ ժամանակով պիտի հսկուի ապահովական ուժերու կողմէ:
Իսկ «Սապահ»ի համաձայն՝ սպառնալիքներ ստացած է ո՛չ միայն Պոյէր, այլեւ անոր ընտանիքն ու Ֆրանսայի այլ խորհրդարանականներ։