Նորին Վսեմութիւն Նիքոլա Սարքոզի Նախագահ Ֆրանսայի Հանրապետութեան Փարիզ
Սիրելի՜ պրն. նախագահ,
Որպէս Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, յատուկ ուրախութեամբ կ'ողջունեմ Ֆրանսայի Խորհրդարանին առած վերջին որոշումը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը վաւերացնող:
Կ'ողջունեմ նաեւ Ձեր վերջին յայտարարութիւնը Երեւանի մէջ, ուր դուք անգամ մը եւս արտայայտեցիք ֆրանսացի ժողովուրդին յստակ ու ամուր կեցուածքը հայոց ցեղասպանութեան պատմական իրողութեան մասին:
Կիլիկիոյ հայերը յատկապէս զոհ դարձան ցեղասպանութեան եւ որուն հետեւանքով Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պարտադրուեցաւ ձգելու իր դարաւոր վայրը Կիլիկիոյ մէջ եւ հաստատուելու Անթիլիասի մէջ, Լիբանան:
Արդարեւ, Ֆրանսան մարդկային արժէքներու եւ մարդկային իրաւանց եւ արդարութեան նկատմամբ իր ունեցած հաւատարմութեամբ ու յանձնառութեամբ կը մնայ տիպար այն բոլոր երկիրներուն համար, որոնք տակաւին կը փորձեն ուրանալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Ժխտողական վերաբերումը այս պատմական իրողութեան նկատմամբ, պատճառ կրնայ հանդիսանալ նոր ցեղասպանութիւններու: Հետեւաբար, միջազգային համայնքը աւելի լուրջ մօտեցում պէտք է որդեգրէ հայոց ցեղասպանութեան գծով, որ կը շարունակէ մնալ անպատիժ:
Ձեր եւ Ֆրանսային դիրքը, պրն. նախագահ, Հայոց Ցեղասպանութեան նկատմամբ կը մարմնացնէ Ֆրանսայի եզակի դերը միջազգային համայնքէն ներս՝ ի պաշտպանութիւն մարդկային իրաւունքներու:
Հաճեցէք, պրն. նախագահ, ընդունիլ հայ ժողովուրդին եւ անձնապէս Մեր խոր շնորհակալութիւնը Ֆրանսայի ժողովուրդին ու ֆրանսական պետութեան որդեգրած այս քաջ կեցուածքին համար:
Աղօթքով եւ օրհնութեամբ՝
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ