Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Եւրոպայի խորհուրդի նախագահ Հերման Վան Ռոպայ twitter-ի միջոցաւ երէկ յայտարարեց, թէ որոշուած է Եւրոպական Միութեան ղեկավարներու անպաշտօն հանդիպման թուականը:

Ան յայտնեց թէ Յունուար 30ին Պրիւքսելի մէջ պիտի կայանայ գագաթնաժողովը, որ Ֆրանսայի Ծերակոյտի նախաձեռնութեամբ կը գումարուի, յստակ օրակարգ ունենալով եւրոպական զարգացման ծրագիրներու քննարկումը:
Անոնք պիտի քննեն նաեւ 9 Դեկտեմբերէն կայացած որոշումներու գործնականացման ընթացքը: