Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Երկու կարեւոր լրատուամիջոցներ՝ Euronews եւ CNN տարբեր նիւթերով անդրադարձ կատարած են հայկական մշակոյթին։

Եւրոպական Euronews հեռուստաընկերութիւնը 20 վայրկեան տեւողութեամբ տեսարշարք մը սփռած է, անդրադառնալով Իտալիոյ Վենետիկ քաղաքի մէջ բացուած «Հայաստան. քաղաքակրթութեան դրոշմը» խորագրով ցուցահանդէսին, որ նուիրուած է հայերէն առաջին գիրքի տպագրութեան 500-ամեակին։
Եւրոպական կայանը նշած է որ ցուցահանդէսի բացման ներկայ գտնուած է ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանը, որ իր երախտագիտական զգացումները արտայայտած է, բոլոր անոնց, որոնք աջակցեցան ցուցահանդէսի իրագործման։

Հայկական գինին CNN¬ի մէջ
«Աշխարհահայեացք» խորագրով իր շարքի հաղորդման ընթացքին, CNN կայանը հեռարձակեց «Երկիր Մետիա» հայրենի հեռատեսիլի կայանի պատրաստած մէկ տեսանիւթը, որ նուիրուած էր Արենի գիւղին մէջ արդէն աւանդութիւն դարձած գինիի տարեկան փառատօնին։
Ինչպէս կը նշուէր տեսաերիզին մէջ, Աստուածաշունչի մէջ գրուած է թէ Մեծ ջրհեղեղէն ետք, «Ջուրը երթալով քաշուեցաւ երկրի վրայէն եւ հարիւր յիսուն օր ետք այն նուազեցաւ։ Եօթներորդ ամսու 27ին, Տապանը նստաւ Արարատ լերան վրայ։ Նոյ՝ հողագործ այդ մարդը, առաջինն էր, որ հողը մշակեց եւ այգի տնկեց»։
Հազարաւոր տարիներ յետոյ, մարդիկ, այստեղ՝ Արարատեան դաշտավայրի վրայ, կը շարունակեն այգիներ տնկել, գինի պատրաստել եւ փառատօն կազմակերպել։ Աստուածաշնչեան Նոյ նահապետի աւանդը մինչեւ այսօր կը շարունակէ առաջնորդել տօնակատարութիւնները մինչեւ այսօր։ Փառատօնի ընթացքին գինի արտադրող ընկերութիւնները լաւագոյն իրենց արտադրանքը կը ներկայացնեն փառատօնին։