ՓԻՈՆԿ ԵԱՆԿ
Հարաւային Քորէայի նոր ղեկավար՝ նոր մահացած Քիմ Եոնկ Իլի որդին՝ Քիմ Եոնկ Ուն, իր առաջին ելոյթը ունեցաւ երէկ, կառավարութեան եւ իր կուսակցութեան պատկանող անդամներու հետ միասին: Իր հօր թաղման արարողութիւնը նախատեսուած է կատարել 28 Դեկտեմբերին:
ԴԱՄԱՍԿՈՍ
Տասնեակ զինուորներու սպանութեան դէպքեր կը բացայայտեն Սուրիացի ակտիվիստներ, դիտել տալով, թէ զօրանոցներէն փախուստի դիմած 60 կամ 70 զինուորներ զինեալ յարձակումի ենթարկուած են, այն պահուն որ կը փորձէին դուրս գալ զօրանոցներէն:
ՀՌՈՄ
Իտալիոյ նախագահ Ճորճիօ Նափոլիթանօ Հռոմի մէջ օտար դեսպաններուն ուղղելով իր խօսքը ըսած է թէ Եւրոպական Միութեան ապագայի մասին կարելի չէ պատկերացում չունենալ. «Եւրոպան մէկ է: Նուազագոյն արտայայտութիւնը երկու կամ երեք Եւրոպաներու մասին, մեզ տարբեր ուղիներով պիտի առաջնորդէ, եւ Եւրոպա պիտի չմնայ» ըսած է ան: