Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

altՊ­րիւք­սէ­լի ա­մե­նա­յայտ­նի «­Թուր ըն ­Թեք­սի» ցու­ցաս­րա­հին մէջ ­Նո­յեմ­բեր 17ին կա­յա­ցած է Ար­ցա­խի զբօ­սաշր­ջու­թեան նո­ւի­րո­ւած ցու­ցա­հան­դէ­սի բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը:

Բաց­ման խօս­քով հան­դէս ե­կած են Հ.Յ.Դ. ­Հայ ­Դա­տի յանձ­նա­խում­բի Եւ­րո­պա­յի գրա­սե­նեա­կի պա­տաս­խա­նա­տու ­Գաս­պար ­Կա­րա­պե­տեան, Ֆ­րաս­նա­յի մէջ Լ.Ղ.Հ. մշտա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ­Յով­հան­նէս ­Գէոր­գեան, Եւ­րո­պա­կան ­Խորհր­դա­րա­նի շարք մը պատգ­մա­ւոր­ներ:

­Ցու­ցա­հան­դէ­սին կը գոր­ծէ նաեւ զբօ­սաշր­ջա­յին տա­ղա­ւար, ուր ներ­կա­նե­րուն կը բաժ­նո­ւէր Ար­ցա­խի զբօ­սաշր­ջու­թեան մա­սին պատ­մող գրա­կա­նու­թիւն, շար­ժան­կա­րի ժա­պա­ւէն­նե­րու սկա­ւառա­կա­ներ, քար­տէս­ներ եւ այլն: ­Ցու­ցա­հան­դէ­սի ծի­րէն ներս տե­ղի ու­նե­ցած է նաեւ հան­դի­պում պել­ճի­քա­կան ո­րոշ զբօ­սաշր­ջա­յին ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու հետ, ո­րոնք հե­տաքրք­րո­ւած էին Ար­ցա­խի զբօ­սաշր­ջա­յին նե­րու­ժով:

Լ.Ղ.Հ. տնտե­սու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ Պ­րիւք­սէ­լի մէջ Լ.Ղ.Հ. մշտա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը շարք մը հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցած են ցու­ցա­հան­դէ­սի մաս­նա­կից բարձ­րաս­տի­ճան հիւ­րե­րու հետ:

25 տե­ղե­կա­տո­ւա­կան պաս­տառ­նե­րէ բաղ­կա­ցած ցու­ցա­հան­դէ­սը կը ներ­կա­յաց­նէ Ար­ցա­խի զբօ­սաշր­ջու­թեան նե­րու­ժը` պատ­մամ­շա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թիւ­նը, խո­հա­նո­ցը, գիւ­ղա­կան կեան­քը, մշա­կու­թա­յին ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը եւ այլն: ­Հան­րու­թեան հա­մար ցու­ցա­հան­դէ­սը բաց մնա­ցած է 3 օր` մին­չեւ ­Նո­յեմ­բեր 19 նե­րա­ռեալ:

­Ցու­ցա­հան­դէ­սը կազ­մա­կեր­պո­ւած է Լ.Ղ.Հ. Ա.Գ.Ն., Լ.Ղ.Հ. տնտե­սու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան եւ Հ.Յ.Դ. ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բի Եւ­րո­պա­յի գրա­սե­նեա­կի հա­մա­տեղ ջան­քե­րով: