Շաբաթ՝ 19 Նոյեմբեր 2016ին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00ին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ դաշնակցական նուիրեալ գործիչ եւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի երկարամեայ գործավար, Մեծն Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վար
չութեան անդամ Արա Տէմիրճեանի ազգային թաղումը:
Նախքան Մայր տաճար հասնիլը, յուղարկաւորութեան թափօրը ուղղուեցաւ «Շաղզոյեան» կեդրոն, ուր Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի եւ Կեդրոնական Կոմիտէի անդամները եւ կեդրոնին մէջ գործող կառոյցներու անձնակազմները իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին բազմավաստակ ընկերոջ:
Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ ազգային յուղարկաւորութեան ներկայ գտնուեցաւ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը եւ արարողութեան նախագահեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ Եպս. Փանոսեան: Սրբազանը անդրադարձաւ Արա Տէմիրճեանի ազգային, հանրային գործունէութեան, ինչպէս նաեւ մարդկային ազնիւ առաքինութիւններուն` ներկայացնելով նաեւ իր կեանքի զանազան հանգրուաններուն հանգուցեալին ծաւալած հանրային-հասարակական գործունէութիւնը:
Ապա՝ կարդաց այս առիթով Վեհափառ Հայրապետին խօսքը: Վեհափառը իր խօսքին մէջ վկայեց, որ Արա Տէմիրճեան իր կեանքի ամբողջ ընթացքին շարունակեց մնալ լուռ ու լուսարձակներէ հեռու գործող անհատ մը: Ան անդրադարձաւ հանգուցեալին ունեցած կարեւոր դերակատարութեան իր պատկանած կուսակցութեան գործունէութեան ու առաքելութեան տարբեր մարզերուն մէջ:
Ապա նշեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հետ Արա Տէմիրճեանի առնչակցութիւնը եւ 2008էն ի վեր Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամակցութեամբ անոր ունեցած դերակատարութիւնը ժողովական աշխատանքներուն եւ ընդհանրապէս կաթողիկոսութեան զանազան ծրագիրներու իրականացման հոլովոյթին մէջ: Ապա՝ Վեհափառ Հայրապետը հանգուցեալը յետ մահու պարգեւատրեց Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Ասպետ»ի շքանշանով:
Պուրճ Համուտի Ազգային Գերեզմանատան մէջ տեղի ունեցաւ նուիրեալ ընկերոջ թաղման կարգը: Արարողութենէն ետք Հ.Յ.Դաշնակցութեան ընտանիքին կողմէ դամբանական խօսք արտասանեց Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Բենիամին Պչաքճեան: Արա Տէմիրճեանի մարմինը ամփոփուեցաւ Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան Հ.Յ.Դ. պանթէոնին մէջ: