Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

27-29 Հոկ­տեմ­բեր 2016ին, Նի­կո­սիոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի միջ-դի­ւա­նա­կան 9րդ խորհր­դա­ժո­ղո­վը, կազ­մա­կեր­պու­թեամբ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թեան, հիւ­րըն­կա­լու­թեամբ՝ Կիպ­րո­սի Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ե.Մ.ի վար­չու­թեան եւ մաս­նակ­ցու­թեամբ՝ միու­ թեան հա­մա­հայ­կա­կան կա­ռոյ­ցի 7 Շր­ջա­նա­յին եւ 12 Մե­կու­սի Վար­չու­թիւն­նե­րու 40 ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու։

Խորհր­դա­ժո­ղո­վին ա­ռա­ջին օ­րը յատ­կա­ցո­ւե­ցաւ միու­թեան աշ­խա­տանք­նե­րուն ներ­կա­յաց­ման եւ ար­ժե­ւոր­ման։ Մաս­նա­կից­նե­րը լսե­ցին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թեան եւ, ա­պա, Շր­ջա­նա­յին թէ Մե­կու­սի Վար­չու­թիւն­նե­րու միա­մեայ գոր­ծու­նէու­թեան տե­ղե­կա­գիր­նե­րը եւ ի­րա­զեկ դար­ձան յա­ռա­ջի­կա­յի ա­նոնց ծրա­գիր­նե­րուն։

Այ­նու­հե­տեւ, խորհր­դա­ժո­ղո­վը քննեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի հա­մա­հայ­կա­կան ըն­տա­նի­քը յու­զող մար­զա­կան, սկաու­տա­կան եւ վար­չա­կան հրա­տապ նիւ­թեր։ Յա­տուկ քննարկ­ման ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցան Հ.Մ.Ը.Մ.ի եւ Հա­յաս­տա­նի Ա. Հան­րա­պե­տու­թեան 100ա­մեա­կի տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ ծրա­գիր­ներ, «­Մար­զիկ» պաշ­տօ­նա­թեր­թի, Հ.Մ.Ը.Մ.ի հա­մա­ցան­ցի կայ­քէ­ջի, վար­չա­կան ու դի­ւա­նա­կան ըն­թա­ցիկ աշ­խա­տանք­ներ։

Կազ­մա­կերպ­չա­կան օ­րա­կար­գով՝ միջ-դի­ւա­նա­կան խորհր­դա­ժո­ղո­վը ա­ռա­ջադ­րեց Հա­յաս­տա­նի մէջ Հ.Մ.Ը.Մ.ի տա­րած­ման եւ ամ­րապնդ­ման նոր ծրա­գիր­ներ՝ յա­ւե­լեալ միա­ւոր­նե­րու եւ կեդ­րոն­նե­րու ստեղծ­ման անհ­րա­ժեշ­տու­թեամբ։ Կա­րե­ւոր անդ­րա­դարձ կա­տա­րո­ւե­ցաւ միու­թեան Եւ­րո­պա­յի նո­րաս­տեղծ մաս­նա­ճիւղ­նե­րուն, ո­րոնք օ­րէ օր կը բազ­մա­նան Մի­ջին Ա­րե­ւել­քէն մե­ծա­թիւ հա­յոր­դի­նե­րու տե­ղա­փո­խու­թեան պատ­ճա­ռով։
Միջ-դի­ւա­նա­կան խորհր­դա­ժո­ղո­վը իր զօ­րակ­ցու­թիւ­նը յայտ­նեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սու­րիոյ ըն­տա­նի­քին՝ երկ­րի դժո­ւա­րին պայ­ման­նե­րուն մէջ իր կա­տա­րած ե­րախ­տա­շատ աշ­խա­տան­քին հա­մար։

Հա­մա-Հ.Մ.Ը.Մ.ա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րը ի­րենց կա­րե­ւոր բա­ժի­նը ու­նե­ցան միջ-դի­ւա­նա­կան խորհր­դա­ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին։ Առ այդ, քննար­կու­մի նիւթ դար­ձան հա­մա-Հ.Մ.Ը.Մ.ա­կան յա­ռա­ջի­կայ մար­զա­խաղ­նե­րը (2017) եւ բա­նա­կու­մը (2018) լա­ւա­գոյն ձե­ւով կազ­մա­կեր­պե­լու մի­ջոց­նե­րը։ Ո­րո­շո­ւե­ցաւ, որ հա­մա-Հ.Մ.Ը.Մ.ա­կան մար­զա­խաղ­նե­րով ազ­դան­շա­նը տրո­ւի միու­թեան 100ա­մեա­կի տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րուն, իսկ բա­նա­կու­մով եւ Ե­րե­ւա­նի մէջ կազ­մա­կեր­պո­ւած մե­ծա­շուք հան­դի­սու­թեամբ՝ փա­կու­մը կա­տա­րո­ւի միու­թեան 100ա­մեա­կի յո­բե­լի­նա­կան տա­րո­ւան։

Միջ-դի­ւա­նա­կան խորհր­դա­ժո­ղո­վը քննեց նաեւ միու­թեան քա­րոզ­չա­կան հա­մա­կար­գին վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր եւ գո­հու­նա­կու­թեամբ տե­ղե­կա­ցաւ, որ ար­դէն իսկ ըն­թացք ա­ռած են միու­թեան ար­դիա­կան կայ­քէ­ջի պատ­րաս­տու­թեան, «­Մար­զիկ» պաշ­տօ­նա­թեր­թի թո­ւայ­նաց­ման եւ «­Մար­զիկ» երկ-լե­զու լրա­տո­ւին աշ­խա­տանք­նե­րը։
Իր օ­րա­կար­գի վեր­ջին բա­ժի­նով՝ միջ-դի­ւա­նա­կան խորհր­դա­ժո­ղո­վը շեշ­տեց ար­դի ար­հես­տա­գի­տու­թեան մի­ջոց­նե­րէն ա­ռա­ւե­լա­գոյնս օգ­տո­ւե­լու հրա­մա­յա­կա­նը։ Այս ա­ռի­թով ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցան «­Կու­կըլ»ի հետ Հ.Մ.Ը.Մ.ի կնքած հա­մա­ձայ­նու­թեան ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը եւ միու­թեան ռազ­մա­վա­րա­կան ծրա­գի­րի ար­դի ար­հես­տա­գի­տու­թեան բա­ժի­նին վե­րա­բե­րող ծրա­գիր­նե­րը։

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԼԻԱԳՈՒՄԱՐԻ ՆԻՍՏԵՐԸ

Հ.Մ.Ը.Մ.ի միջ-դի­ւա­նա­կան 9րդ խորհր­դա­ժո­ղո­վը կան­խեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թեան եր­կօ­րեայ լիա­գու­մա­րը, որ քննեց միու­թեան վեր­ջին Պատ­գա­մա­ւո­րա­կան Ժո­ղո­վէն՝ Սեպ­տեմ­բեր 2015էն մին­չեւ օրս միու­թեան կա­տա­րած աշ­խա­տանք­նե­րը եւ յա­ռա­ջի­կայ ե­րեք տա­րի­նե­րու ծրա­գիր­նե­րը։
Լիա­գու­մա­րը լայ­նօ­րէն անդ­րա­դար­ձաւ հա­մա-Հ.Մ.Ը.Մ.ա­կան յա­ռա­ջի­կայ մար­զա­խաղ­նե­րուն եւ բա­նա­կու­մին կազ­մա­կերպ­ման աշ­խա­տանք­նե­րուն։

Ար­ծար­ծո­ւե­ցան նաեւ միու­թեան կազ­մա­կեր­պա­կան կեան­քը յու­զող ընդ­հան­րա­կան մտա­հո­գու­թիւն­ներ. Եւ­րո­պա­յի մէջ նոր մաս­նա­ճիւղ­նե­րու ստեղ­ծում, Հա­յաս­տա­նի մէջ կազ­մա­կեր­պա­կան ցան­ցի ընդ­լայ­նում, սկաու­տա­կան մի­ջազ­գա­յին հա­մա­գու­մար­նե­րու եւ ճամ­պո­րի­նե­րու մաս­նակ­ցու­թիւն, միու­թեան քա­րոզ­չա­կան հա­մա­կար­գի վե­րա­կազ­մա­կեր­պում, տնտե­սա­կան հզօ­րաց­ման նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­ներ եւ այլն։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թեան լիա­գու­մա­րը իր եր­կօ­րեայ նիս­տե­րու ըն­թաց­քին մշա­կեց նաեւ միու­թեան 100ա­մեա­կի տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րուն, հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րուն եւ հա­մա-Հ.Մ.Ը.Մ.ա­կան տար­բեր նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րուն հա­մա­պար­փակ ծրա­գի­րը։ Որ­դեգ­րո­ւե­ցան 100ա­մեա­կի նշա­նա­կը, բնա­բա­նը, եր­գը եւ ձեռ­նարկ­նե­րու ընդ­հա­նուր ժա­մա­նա­կա­ցոյ­ցը։

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ