
Ֆրանչիսկոս Պապը վերստին շեշտեց Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը` իբրեւ 20րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը եւ այդ ծիրին մէջ յիշեց Թուրքիոյ հակազդեցութիւնը:
Ապա, Արամ Ա. Կաթողիկոս՝ անդրադառնալով Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեայ համայնքներու դիմագրաւած դժուարութիւններուն ու մարտահրաւէրներուն, ըսաւ, թէ Միջին Արեւելքի մէջ եկեղեցւոյ պատմութիւնը եղած է նահատակութեան պատմութիւն. սակայն եկեղեցին, կենդանի թէ արեան նահատակութեամբ, մնացած է կանգուն` հաւատարիմ իր աստուածատուր առաքելութեան. այսօր եւս, եկեղեցին Միջին Արեւելքի մէջ կը մնայ յանձնառու իր կոչումին,- շեշտեց Վեհափառ Հայրապետը եւ իր բարձր գնահատանքը յայտնեց Վատիկանի մօտեցումին, որ մէկ կողմէ հիմնուած է քրիստոնեայ համայնքներու իրաւունքներու պաշտպանութեան, իսկ միւս կողմէ՝ քրիստոնեայ-իսլամ խաղաղ գոյակցութեան ու գործակցութեան վրայ:
Սրբազան Քահանայապետը իր կարգին ընդգծեց ընդհանրապէս միջ-կրօնական ու յատկապէս քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան կարեւորութիւնը` յիշելով շուրջ շաբաթ մը առաջ Վատիկանի մէջ տեղի ունեցած միջ-կրօնական համագումարը՝ աւելցնելով Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեայ համայնքներու պահպանման եւ անոնց վկայութեան հզօրացման անհրաժեշտութիւնն ու այդ ուղղութեամբ Վատիկանի զօրակցութիւնը:
Խօսելով եկեղեցիներու միջեւ տեղի ունեցող աստուածաբանական երկխօսութեան մասին` Ֆրանչիսկոս Պապը բաժնեց Վեհափառ Հայրապետին տեսակէտը, թէ յիշեալ հանդիպումներու օրակարգին մաս պէտք է կազմեն նաեւ ներկայ ընկերութիւնը յուզող ընկերաբարոյական խնդիրները:
Եկեղեցիներու միջեւ միութեան ամրապնդման հրամայականին անդրադառնալով` Արամ Ա. Կաթողիկոս յիշեցուց Սրբազան Քահանայապետին Զատկուան տօնին միացեալ թուական մը ճշդելու անհրաժեշտութիւնը` իբրեւ շօշափելի արտայայտութիւն քրիստոնէական միութեան, եւ այս ուղղութեամբ անցեալին իր կատարած աշխատանքը` իբրեւ ատենապետ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդին:
Ֆրանչիսկոս Պապը՝ ողջունելով Վեհափառ Հայրապետին գաղափարը, յայտնեց, թէ վերջին տասնամեակներու ընթացքին կաթողիկէ եկեղեցին բազմիցս շեշտած է նոյն գաղափարը եւ այսօր եւս համաձայն է Զատկուան տօնի միացեալ թուականի մը ճշդումին: Այս առիթով՝ Արամ Ա. Կաթողիկոս իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ Լիբանանը ունեցաւ իր նորընտիր նախագահը: Ֆրանչիսկոս Պապը ուրախութեամբ ողջունեց Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը եւ շեշտեց Լիբանանի մէջ քրիստոնեայ-իսլամ համերաշխ գոյակցութեան ու սերտ գործակցութեան հրամայականը:
Հանդիպման աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը Սրբազան Քահանայապետին նուիրեց վերջերս հրատարակուած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ծանօթացման ցուցակը` «The Armenian Catholicosate of Cilicia – History, Treasures, Mission»: Ֆրանչիսկոս Պապ իր կարգին յուշանուէր մը յանձնեց Վեհափառ Հայրապետին:
Հանդիպումներ՝ բարձրաստիճան պատասխանատուներու հետ
Վատիկան իր այցելութեան եռօրեայ շրջանին, Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետը Ֆրանչիսկոս Պապին հետ ունեցած հանդիպումին առընթեր, յաջորդաբար հետեւեալ տեսակցութիւնները ունեցաւ Վատիկանի կարեւոր բաժանմունքներու բարձրաստիճան պատասխանատուներուն հետ.
Արամ Ա. Կաթողիկոս նախ աշխատանքային հանդիպում մը ունեցաւ Վատիկանի պետական քարտուղար Կարտինալ Փարոլինի հետ, որ փաստօրէն Վատիկանի վարչապետն է:
Վեհափառ Հայրապետին ու Կարտինալին հանդիպման առանցքը դարձան յատկապէս Միջին Արեւելքը յուզող հարցերը եւ, այդ ծիրին մէջ, քրիստոնեայ համայնքներուն դիմագրաւած մտահոգութիւնները: Վեհափառ Հայրապետը նաեւ հանդիպում ունեցաւ Արեւելեան կաթողիկէ եկեղեցիներու եւ միաբանութիւններու բաժանմունքի նախագահ Կարտինալ Սանտրիի հետ: Հանդիպման ընթացքին առաւելաբար արծարծուեցան հայ ու կաթողիկէ եկեղեցիներու յարաբերութեանց առնչուած հարցեր: