Պոլսոյ մէջ գործող հայկական «Արաս» հրատարակչութեան կողմէ հրատարակուած է ամերիկահայ գրող Ուիլիըմ Սարոյեանի պատմուածքներու հիման վրայ կազմուած «Թութա՞կ ես, ծօ՛» գիրք, որ արդէն տեղ գտած է «Արաս»ի պաշտօնական կայքին վրայ: Արեւմտահայերէնով հրատարակուած ժողովա
ծուին սրբագրութիւնը եւ խմբագրութիւնը կատարած են Հրակ Փափազեան ու Սեւակ Տէյիրմենճեան:
«Թութա՞կ ես, ծօ՛» հատորը կազմուած է Յովհաննէս Շէօհմէլեանի թարգմանութեամբ, Արամ Սեփեթճեանի խմբագրութեամբ՝ 1994ին՝ Պէյրութի «Սիփան» հրատարակչատան կողմէ տպագրուած «Պատմուածքներ»ու երկրորդ հատորին հիման վրայ։ Վերստուգած է Հրակ Փափազեան եւ խմբագրած՝ Սեւան Տէյիրմենճեան: Գիրքը հասցէագրուած է ո՛չ միայն տարեցներուն, այլ նաեւ պատանիներուն եւ մանուկներուն։