Ձեռամբ Իրաքահայոց առաջնորդ Աւագ Արք. Ասատուրեանի՝ Հոկտեմբեր 14ին նաւակատիքը եւ օծումը կատարուած են Իրաքի հիւսիսային շրջանը գտնուող Քերքուք քաղաքի նորակառոյց եկեղեցւոյ։ Զարմանալի է, պիտի ըսուի, բայց իրականութիւն է։
Շրջանը, որ երկար ժամանակէ ի վեր պատերազմական անապահով վիճակ մը կ՛ապրի, բուռ մը հայեր քաջութիւնը ունին այդ թոհուբոհին մէջ եկեղեցի կանգնեցնելու եւ այն ալ ճիշդ կողքին «Իսլամական Պետութեան», անոր սպառնալիքին տակ ու ամէնօրեայ յարձակումներուն ենթակայ։ Անոնք հաւատքի տուներ եւ մշակութային կոթողներ կը քանդեն, իսկ բուռ մը հայեր եկեղեցի կը կառուցեն։ Ապրելու ու արարելու սրբազան պայքար։ Հայու մարդկային տեսակի դրսեւորում…։
Ուստի՝ քաջութենէն հեռու պէտք է փնտռել իրաքահայ գաղութի կեցուածքը, որ արժանի է մեծագոյն գնահատանքի։ Քերքուք քաղաքը կը գտնուի Մուսուլէն հարաւ-արեւելք, 177 քմ. հեռաւորութեան վրայ։ Անիկա Իրաքի նաֆթի արտադրութեան մեծագոյն կեդրոնն է, այդ պատճառով երկար ժամանակէ ի վեր անապահով վիճակ մը կը տիրէ հոն, իսկ այժմ ենթակայ՝ «Իսլամական Պետութեան» յարձակումներուն, որոնք յաճախակի տեղի կ՛ունենան։
Հայեր վաղուց ի վեր Քերքուք գտնուած են, սակայն 1928էն սկսեալ նաւթային ընկերութիւնները հոն հաւաքած են բաւական թիւով հայեր, որոնք որպէս արհեստաւորներու՝ ծառայած են ընկերութեանց մէջ, այսպիսով աշխոյժ եւ հայաշունչ գաղութ մը կազմելով։ 1958-60ին աւելի քան 120 ընտանիքներ, թիւով մօտաւորապէս 1200 անձ, հոն կ՛ապրէին։ Ունէին եկեղեցի, դպրոց, միութենական հաստատութիւն։ Սակայն, տարիներու ընթացքին գաղութը նօսրացած է, իսկ վերջին տարիներուն անապահովութեան պատճառով շատեր հեռացած. այսօր հազիւ 30 ընտանիք՝ շուրջ 120 անձ հոն կ՛ապրի։
Այսուհանդերձ՝ հին եկեղեցիէն բացի, այս նոր եկեղեցին կառուցեցին Ս. Մարիամ Աստուածածին անուամբ։ Առ ի գիտութիւն՝ եկեղեցին իրաքեան պետութեան ծախսերով է, որ կառուցուած է, սակայն ազգապատկան հողատարածքի մը վրայ, ճիշդ թաղականութեան սրահի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ու թաղականութեան կեդրոնին կից։