Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

­Գեր­մա­նա­կան դա­տա­րա­նը տու­գա­նած է 2 անձ, ո­րոնք վի­րա­ւո­րած եւ սպառ­նա­ցած են ­Գեր­մա­նիոյ խորհր­դա­րա­նի (­Պուն­տես­թակ) պատ­գա­մա­ւոր­ներ ­Ճեմ Օզ­տե­մի­րին եւ ­Սե­ւիմ ­Տաղ­տե­լե­նին:

«­Կա­նաչ­նե­րու ­Կու­սակ­ցու­թեան» հա­մա­նա­խա­գահ Օզ­տե­մի­րը եւ «­Ձա­խե­րու ­Կու­սակ­ցու­թիւն»ը ներ­կա­յաց­նող ­Տաղ­տե­լե­նը, ըստ «Deutsche Welle» գեր­մա­նա­կան լրա­տո­ւա­կա­նի թրքա­կան ծա­ռա­յու­թեան, ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան բա­նա­ձե­ւի ըն­դուն­ման պատ­ճա­ռով՝ թի­րախ դար­ձած են լրա­տո­ւա­մի­ջոց­նե­րու մէջ ա­տե­լու­թեան եւ վի­րա­ւո­րանք­նե­րու,- կը փո­խան­ցէ ermenihaber.am: ­Կը նշո­ւի, որ վի­րա­ւո­րանք հասց­նող թուր­քե­րէն մէ­կը տու­գա­նո­ւած է 600, միւ­սը` 700 եւ­րո­յով:

­Պատ­գա­մո­ւոր ­Տաղ­տե­լե­նը ող­ջու­նած է դա­տա­րա­նի այդ ո­րո­շու­մը եւ յոյս յայտ­նած, որ ա­տի­կա զսպող ազ­դե­ցու­թիւն պի­տի ու­նե­նայ: ­Պատ­գա­մա­ւո­րը ընդգ­ծած է, որ բա­ցի վի­րա­ւո­րանք­նե­րէն՝ ե­ղած են նաեւ բռնու­թեան եւ մա­հո­ւան սպառ­նա­լիք­ներ, ո­րոնք նոյն­պէս պէտք է չէ­զո­քաց­նել: