Գերմանական դատարանը տուգանած է 2 անձ, որոնք վիրաւորած եւ սպառնացած են Գերմանիոյ խորհրդարանի (Պունտեսթակ) պատգամաւորներ Ճեմ Օզտեմիրին եւ Սեւիմ Տաղտելենին:
«Կանաչներու Կուսակցութեան» համանախագահ Օզտեմիրը եւ «Ձախերու Կուսակցութիւն»ը ներկայացնող Տաղտելենը, ըստ «Deutsche Welle» գերմանական լրատուականի թրքական ծառայութեան, Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւի ընդունման պատճառով՝ թիրախ դարձած են լրատուամիջոցներու մէջ ատելութեան եւ վիրաւորանքներու,- կը փոխանցէ ermenihaber.am: Կը նշուի, որ վիրաւորանք հասցնող թուրքերէն մէկը տուգանուած է 600, միւսը` 700 եւրոյով:
Պատգամուոր Տաղտելենը ողջունած է դատարանի այդ որոշումը եւ յոյս յայտնած, որ ատիկա զսպող ազդեցութիւն պիտի ունենայ: Պատգամաւորը ընդգծած է, որ բացի վիրաւորանքներէն՝ եղած են նաեւ բռնութեան եւ մահուան սպառնալիքներ, որոնք նոյնպէս պէտք է չէզոքացնել: