altԱ­մե­րի­կա­հայ Բժշ­կա­կան ­­Միու­թիւ­նը (AAMS) կը տե­ղե­կաց­նէ, թէ 50.000 տո­լար պի­տի տրա­մադ­րէ ­­Լի­բա­նա­նի մէջ գոր­ծող բա­րե­սի­րա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեանց, ­­Սու­րիոյ պա­տե­րազ­մին պատ­ճա­ռով ­­Լի­բա­նան գաղ­թած հա­յոր­դի­նե­րուն օ­ժան­դա­կե­լու նպա­տա­կով:

 

Ըստ «Աս­պա­րէզ»ին՝ գու­մա­րին կէ­սը պի­տի տրա­մադ­րո­ւի ­­Հաո­ւըրտ ­­Գա­րա­կէօ­զեա­նի յի­շա­տա­կի հիմ­նար­կին, իսկ միւս կէ­սը՝ ­­Լի­բա­նա­նի ­­Հայ Օգ­նու­թեան ­­Խա­չին (Լ.Օ.Խ.ին), ո­րոնք զա­նա­զան ծրա­գիր­նե­րով կ­­՛ա­ջակ­ցին սու­րիա­հայ գաղ­թա­կան­նե­րուն։

«Ու­րախ ենք, որ ա­ռի­թը ու­նինք օ­ժան­դա­կու­թեան ձեռք եր­կա­րե­լու կա­րի­քա­ւոր սու­րիա­հա­յե­րուն, յատ­կա­պէս՝ ա­պա­հո­վե­լու հա­մար ա­նոնց բժշկա­կան խնամ­քը»,- կը յայտ­նէ Ա­մե­րի­կա­հայ Բժշ­կա­կան ­­Միու­թեան ա­տե­նա­պետ տոքթ. ­­Ռաֆ­ֆի ­­Թաշ­ճեան:

­­Մա­յի­սին իր հիմ­նադ­րու­թեան 30ա­մեա­կը տօ­նած եւ ա­ւե­լի քան 600 ան­դամ­ներ ու­նե­ցող Ա­մե­րի­կա­հայ Բժշ­կա­կան ­­Միու­թեան նպա­տակն է մար­դա­սի­րա­կան զա­նա­զան մի­ջո­ցա­ռում­նե­րով նպաս­տել յատ­կա­պէս ­­Հա­յաս­տա­նի եւ Ս­փիւռ­քի հա­յու­թեան ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան: ­­Միու­թեան մա­սին յա­ւե­լեալ տե­ղե­կու­թեանց հա­մար՝ այ­ցե­լել www.aamsc.com կայ­քը: