Նշանաւոր հայ բեմադրիչ-վաւերագրող, բեմագիր, դերասան Արտաւազդ Փելեշեան Չեխիոյ Եիկլաւա քաղաքին մէջ կայացող «Վաւերագրական շարժապատկերի միջազգային փառատօն»ի ընթացքին արժանացած է պարգեւի՝ համաշխարհային շարժապատկերի աշխարհին մէջ ունեցած աւանդին համար։ Այս մասին կը գրէ Prague
Postը:
Ստեղծագործական ֆորումի տնօրէն Մարեք Կովորքան՝ խօսելով Արտաւազդ Փելեշեանի եզակի տաղանդին մասին, նշած է, որ ան կրցած է կեանքին իմաստը փոխանցել մեծ պաստառին վրայ՝ քանի մը վայրկեանի ընթացքին, իսկ անոր աշխատելաոճը, որմով բեմադրիչը կը ստեղծէ իր աշխատանքները, ընդմիշտ պիտի մնայ շարժապատկերի պատմութեան մէջ:
Նշենք, թէ Չեխիոյ փառատօնին, որ տեղի ունեցաւ 27 Հոկտեմբերէն 1 Նոյեմբեր, ցուցադրուած են 250 ժապաւէններ։