Ֆրանսիս Պապը, Վատիկանի մէջ, Հոկտեմբեր 26ին տեղի ունեցած իր ամէնշաբաթեայ ընդունելութեան ընթացքին, դիմելով Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ հաւաքուած հազարաւոր մարդոց՝ կոչ ըրած է համերաշխութիւն դրսեւորելու գաղթականներուն եւ տեղահանեալներուն
նկատմամբ: Ան պետութիւններուն յորդորած է չփակել դռները անոնց առջեւ:
Ըստ «ՓանԱրմինիըն»ի՝ շեղելով գրաւոր քարոզէն, Հռոմի կաթոլիկ եկեղեցւոյ Քահանայապետը պատմած է կնոջ մը մասին, որուն դիմած էր գաղթականը՝ զինք Վատիկան հասցնելու խնդրանքով: Տեսնելով, որ այդ գաղթականը կօշիկներ չունի, կինը առաջարկած է անոր Սուրբ Պետրոս հրապարակ բերել թաքսիով:
Ճանապարհին, գաղթականը պատմած է իր պատմութիւնը. երբ տեղ հասած են, վարորդը հրաժարած է դրամ առնելէ:
Գաղթականին Սուրբ Պետրոս հրապարակ հասցուցած կնոջ մասին՝ Ս. Պապը ըսած է.- «Այս կինը հասկցած է տեղահանեալին ցաւը, քանի որ հայկական արիւն ունի եւ գիտէ, թէ ի՜նչ տառապանքներ կրած է իր ժողովուրդը:
«Երբեմն մենք նախ կը մերժենք ոեւէ մէկուն որեւէ բան ընել, որովհետեւ մեզի համար ատիկա անյարմար է»,- Պապին խօսքը կը մէջբերէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:
Ֆրանսիս Պապը յորդորած է մտածել այս պատմութեան մասին եւ թէ ի՞նչ կարելի է ընել գաղթականներուն համար: