Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

ՔԱՊՈՒԼ
Աֆղանիստանի նախագահ Համիտ Քարզայ,  ներում շնորհեց աֆղան կնոջ մը, որ բռնաբարուած ըլլալով բանտարկուած էր 2009էն ի վեր: Տուեալ դէպքը բաւական մեծ արձագանգի արժանացաւ օրին, երբ Կիւլնազ դատապարտուեցաւ 12 տարուայ բանտարկութեան,

...բռնաբարուած ըլլալու յանցանքով, իր ամուսնոյն մէկ ազգականին կողմէ: Ան յղացած ըլլալով, զաւակ ունեցաւ բանտին մէջ: Զինք բռնաբարող անձն ալ 12 տարուան բանտարկութեամբ դատապարտուեցաւ, սակայն իր վճիռը վերաքննութեան ենթարկուեցաւ եւ հաւանական է որ երկու տարի յետոյ ազատ պիտի արձակուի:

ՊՐԻՒՔՍԵԼ-ՄՈՍԿՈՒԱ
Եւրոպական խորհրդարանը երէկ որդեգրեց բանաձեւ մը, որ Ռուսիոյ իշխանութիւններուն կոչ կþուղղէ՝ նոր, ազատ խորհրդարանական ընտրութիւններ կատարելու։ Ըստ բանաձեւին, նոր ընտրութիւններուն ընթացքին պէտք է ընդդիմադիր կուսակցութիւններուն արձանագրուելու կարելիութիւն ընծայէ։ Կոչ կþուղղուի նաեւ քննել ընտրական խախտումներու մասին բոլոր յայտարարութիւնները։ Եւրոպական խորհրդարանը Եւրոպական Միութեան ղեկավարութեան կոչ ուղղեց՝ այս խնդիրը արծարծել 14-15 Դեկտեմբերին կայանալիք Եւրոպական Միութիւն-Ռուսիա վեհաժողովի ընթացքին։ Քրեմլինէն աղբիւր մը՝ հակազդեց, ըսելով որ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչները Տումայի ընտրութիւններուն իրավիճակը  քննարկման նիւթ դարձնելու փոխարեն, աւելի լաւ է լուծեն եւրոյի գօտիի ճգնաժամի հարցը...