
Խորհրդաժողովին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն միութեան համահայկական կառոյցի 7 Շրջանային եւ 12 Մեկուսի վարչութիւններու 40 ներկայացուցիչները, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան կազմը եւ «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի խմբագիրը: Մասնակիցներու շարքին են միութեան նորաստեղծ շրջաններէն Թիֆլիսի, Մոսկուայի, Միւնիխի եւ Առնհեմի (Հոլանտա) ներկայացուցիչները:
Խորհրդաժողովին բացումը կատարուեցաւ «Յառաջ Նահատակ» քայլերգին խմբերգումով, ապա՝ մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ մասնակիցները յարգեցին յիշատակը Սուրիոյ պատերազմին զոհուած 24 Հ.Մ.Ը.Մ.ականներուն եւ Արցախի ռազմաճակատներուն վրայ նահատակուած հայ զինուորներուն: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ եւ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական նման խորհրդաժողովներու կարեւորութեան եւ դերակատարութեան մասին խօսեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան:
Ան նշեց, որ նման խորհրդաժողովները առիթներ են միութենական մեր ներուժը գնահատելու, անցնող ժամանակաշրջանի գործունէութիւնը արժեւորելու եւ աւելի փայլուն ապագայ մը ծրագրելու համար: Ան ըսաւ, որ մեր ժողովուրդի եւ հայրենիքի պատմութեան նշանակալից այս օրերուն, Հ.Մ.Ը.Մ. կը մնայ «Մի՛շտ պատրաստ» սկզբունքով գործող այն կազմակերպութիւնը, որ իր բովանդակ կարողականութիւնը ի սպաս կը դնէ մեր ժողովուրդի կարիքներու բաւարարման եւ Հայաստանի հզօրացման ու բարգաւաճման: