Գերմանացի պատմաբան, Հայոց Ցեղասպանութեան թեմայով շարք մը աշխատութիւններու հեղինակ Մայքըլ Հեսսեման, Վատիկանի բաց եւ գաղտնի պահոցներուն մէջ աշխատանքի արդիւնքվ, ի յայտ բերած է Հայոց Ցեղասպանութեան առնչուող 1100 էջ փաստաթուղթեր:
Լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ գերմանացի գիտնականը տեղեկացուցած է, որ այդ փաստաթղթերուն հիման վրայ կը պատրաստուի գիրք գրել, իսկ փաստաթուղթերուն պատճէնները յանձնած է նաեւ Հայաստանի գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ տնօրէնին: Հեսսեման տեղեկացուցած է նաեւ, որ գիրքը պիտի ըլլայ ոչ միայն գերմաներէն, այլեւ անգլերէն եւ այլ լեզուներով: Գիտնականը պատրաստ է իր փորձով եւ գիտելիքներով կիսուելու Հայոց Ցեղասպանութեան առնչուող թեմաներ ուսումնասիրող այլ գիտնականներու եւ հետազօտողներու հետ եւս,- կը հաղորդէ «Լուրեր» կայքը:
Անդրադառնալով փաստաթուղթերու էութեան’ Մայքլ Հեսսեման նշած է, որ անոնք հիմնականօրէն Հռոմի Պապերու վարած գրագրութիւններ են առաւելապէս Արեւելքի մէջ իրենց ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ Կափուչինեան եւ ֆրանչեսքան ուխտի ներկայացուցիչներուն հետ: Ըստ գիտնականին’ այս փաստը ցոյց կու տայ, որ Պապը շատ աւելի լայն տեղեկատուութեան շրջանակ ունէր, քան զուտ կաթոլիկ միսիոնարներն էին:
Փաստաթուղթները հիմնականօրէն իտալերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով են: «Ուսումնասիրութիւնները հիմնականօրէն ցոյց կու տան, որ Օսմանեան Կայսրութեան մէջ կատարուած է քրիստոնեայ տարրերու, առաջին հերթին, հայերու զանգուածային համակարգուած բնաջնջում: Անիկա լաւ ծրագրուած պետական ծրագիր էր: Երիտթուրքերը կը կարծէին, որ ուժեղ են միատարր պետութիւնները, իսկ ատոր հասնելու համար պէտք էր իրականացնել ազգային հիմքով զտում»,- կարծիք յայտնած է գիտնականը:
Անոր խօսքով’ իր ուսումնասիրած փաստաթուղթները ցոյց կու տան, որ կաթոլիկ եկեղեցին փորձած է ազդել Հայոց Ցեղասպանութեան հարցով Գերմանիոյ դիրքորոշման վրայ: «Վատիկանը կը փորձէր Աւստրօ-Հունգարիոյ միջոցով ազդել Գերմանիոյ վրայ եւ կանգնեցնել ցեղասպանութիւնը: Սակայն Գերմանիա կը ցանկար Թուրքիան պահել իր կողմը, նոյնիսկ եթէ պէտք ըլլար հայերու ճակատագրի գնով»,- նշած է գիտնականը: