­altՀոկ­տեմ­բեր 18ի ա­ռա­ւօ­տեան, «­Մար­մա­րա» թեր­թը ­Լիո­նէն տե­ղե­կա­ցած է, որ վախ­ճա­նած է յայտ­նի ու վաս­տա­կա­ւոր գրող ­Մով­սէս Պ­չաք­ճեան։ ­Մով­սէ­սի քոյ­րը՝ ­Լիո­նի ­Մար­գա­րեան-­Փա­փա­զեան վար­ժա­րա­նի վաս­տա­կա­ւոր հա­յե­րէ­նի ու­սուց­չու­հի ­Լու­սին Պ­չաք­ճեան հա­ղոր­դած է այս տխուր լու­րը։

Պ­չաք­ճեան մա­հա­ցած է ­Հոկ­տեմ­բեր 17ի յետ­մի­ջօ­րէին։ «­Բեղմ­նա­ւոր հե­ղի­նակ մըն էր ­Մով­սէս Պ­չաք­ճեան, որ շա­րու­նակ ար­տադ­րեց, մին­չեւ որ ծանր հի­ւան­դու­թիւն մը շատ բան կոր­ծա­նեց ա­նոր ա­ռող­ջու­թեան մէջ։

Եր­կար պայ­քա­րե­ցաւ խօ­սիլն ու իր գիտ­ցած լե­զու­նե­րը մոռց­նել տո­ւող հի­ւան­դու­թեան մը դէմ, յաղ­թա­հա­րեց, բայց մնաց դիւ­րա­բեկ ա­ռող­ջու­թեան մէջ. այ­նու­հան­դերձ՝ չվհա­տե­ցաւ, թէեւ չկրցաւ նոր գործ ար­տադ­րել, բայց ­Հա­յաս­տա­նի ու Ս­փիւռ­քի մի­ջեւ դար­ձաւ գրա­կան կա­մուրջ, ա­պա­հո­վեց որ իր գոր­ծե­րը ամ­բող­ջա­կան եր­կե­րու փա­ռա­ւոր հա­տոր­նե­րով տպո­ւին ­Հա­յաս­տա­նի մէջ. գոր­ծէն, որ­քան որ գի­տենք, հրա­տա­րա­կո­ւե­ցան հինգ հա­տոր­ներ»,- կը գրէ «­Մար­մա­րա»։ Ան պաշ­տօ­նա­վա­րած էր ­Փա­րի­զի ­Սուրբ ­Յով­հան­նէս ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ որ­պէս դի­ւա­նա­պետ ու կը շա­րու­նա­կէր ապ­րիլ ­Փա­րիզ։

2009ին, ­Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գա­հին հրա­մա­նա­գի­րով, Պ­չաք­ճեան պար­գե­ւատ­րո­ւե­ցաւ «­Մով­սէս ­Խո­րե­նա­ցի» շքան­շա­նով, իսկ 2010ին ­Հայ Գ­րող­նե­րու ­Միու­թեան կող­մէ՝ «Գ­րա­կան վաս­տա­կի հա­մար» շքան­շա­նով։ ­Մով­սէս Պ­չաք­ճեա­նի հա­տոր­նե­րէն են՝ «Ան­ցո­ղի­կը ու ան­ժա­ման­ցե­լին», «­Մին­չեւ վեր­ջի­նը ա­րեւ­նե­րուն», «Աշ­խար­հա­հա­յեաց պա­տու­հան», «­Լու­սա­ւոր աչ­քե­րով օ­տա­րա­կա­նը», «­Վա­րա­գոյ­րը իջ­նե­լէ ա­ռաջ», «Խ­մե­լով քա­ղա­քը», «Ան­կա­տար վեր­ծա­նում­ներ», «­Լո­ւացք փռո­ւած տա­նի­քի վրայ» եւ «Ան­կա­րե­լի կա­րե­լին»։