Նիսի մէջ, 102 տարեկան հասակին իր մահկանացուն կնքեց Շամիրամ Սեւակ: Ան, 1915ին նահատակուած մտաւորականներու ամէնէն յաճախ յիշուող անուններէն Ռուբէն Սեւակի աղջիկն էր, միակ շառաւիղը լուսաշող այդ փաղանգին, որ դեռ ի կեանս էր:
Սեւակ Զուիցերիոյ մէջ, ուր մեկնած էր ուսման համար, ամուսնացած էր գերմանացի գնդապետ Ֆրանց Աբէլի աղջկան՝ Եանի Աբէլի հետ ու ունեցած՝ երկու զաւակ. առջինեկը՝ Լեւոն, իսկ երկրորդը՝ Շամիրամ, որ ծնած էր Պոլիս 1914ին:
Հօր նման տաժանելի եղաւ Շամիրամ Սեւակի կեանքն ալ. գերմանուհի մայրը իր ամուսնոյն մահէն ետք յաջողած էր փախուստ տալ Պոլսէն, շնորհիւ՝ գերման դեսպանին օգնութեան եւ զաւակներուն հետ հանգրուանած՝ Ֆրանսայի հարաւը: Շամիրամ ուշ ամուսնացած էր եւ զաւակ չէր ունեցած:
Շամիրամ Սեւակ իր յառաջացեալ տարիքին համեմատ միշտ ալ կ՚երեւէր շատ աւելի երիտասարդ: Կը սիրէր կրկնել՝ «ինծի յաճախ կը հարցնեն, ի՞նչ է չծերանալու գաղտնիքդ»,- շարունակելով՝ «պատասխանս միշտ կ՚ըլլայ, հա՜յրս, անոր սիրային երգը։
Այլապէս, սարսափելի է մտածել, որ ես անկէ աւելի քան երեք անգամ տարիքոտ եմ», ակնարկելով իր հօր նահատակութեան, երբ ան հազիւ թէ բոլորած էր 30 գարուններ: «Ո՛չ, ո՛չ, ան իմ հայրն է եւ անոր ինծի ուղղուած դասերը դեռ չեն աւարտած», կ՚եզրակացնէր Շամիրամ: