­altՊոլ­սա­հայ երգ­չու­հի ­Սի­պի­լի հայ­րե­նա­սի­րա­կան եր­գե­րու ցան­կը հա­մալ­րո­ւե­ցաւ եւս մէկ գե­ղե­ցիկ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեամբ: «­Վա­նա ­Լի­ճին» կո­չո­ւող ­Սի­պի­լի եր­գը զրոյց է պատ­մա­կան հայ­րե­նի­քի խորհր­դա­նի­շին հետ ու աշ­խար­հաս­փիւռ հա­յու­թեան կա­րօ­տի եւ յոյ­զե­րու ար­տա­

յայ­տումն է` հո­գե­ւոր հայ­րե­նի­քին հան­դէպ:
­Վեր­ջերս եր­գը եւ տե­սա­հո­լո­վա­կը ներ­կա­յա­ցո­ւած են հայ հան­դի­սա­տե­սին:

«­Պա­տաս­խան 100 տա­րի անց» ծրագ­րի ծի­րէն ներս` Ա­րեւմ­տեան ­Հա­յաս­տան կա­տա­րո­ւած ուխ­տագ­նա­ցու­թեան տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րու տակ գրո­ւած եր­գին հե­ղի­նա­կը ­Յաս­միկ ­Հախ­վեր­տեանն է:
«Իւ­րա­քան­չիւր հայ իր սրտում ու­նի ­Վան, Ա­րեւմ­տեան ­Հա­յաս­տան,- կ­՛ը­սէ ­Յաս­միկ ­Հախ­վեր­տեան:- Իւ­րա­քան­չիւրս իր մէջ պա­հում է այդ կա­րօ­տը, ուս­տի կար­ծում եմ, որ եր­գը հո­գե­հա­րա­զատ է բո­լո­րիս»:

­Հախ­վեր­տեան կը նշէ, որ ­Սի­պիլ իբ­րեւ ­Պո­լիս ապ­րող եւ հոն հա­յու գո­յու­թիւ­նը շա­րու­նա­կող երգ­չու­հի, կար­ծես կը հան­դի­սա­նայ Ա­րեւմ­տեան ­Հա­յաս­տա­նի խորհր­դա­նիշ, ուս­տի կա­րե­ւոր էր, որ ան կա­տա­րէր այս եր­գը:

«Երբ ­Յաս­մի­կը ին­ծի ու­ղար­կեց եր­գը եւ ես ա­ռա­ջին ան­գամ լսե­ցի զայն, մար­մինս փշա­քա­ղո­ւե­ցաւ: ­Միան­գա­մայն հասկ­ցայ, որ սա իմ երգս է»,- ա­սում է ­Սի­պիլ: ­Պոլ­սա­հայ երգ­չու­հին «Ermenihaber.am»ի հետ զրոյ­ցի ըն­թաց­քին յոյս յայտ­նած է, որ եր­գին հա­յաս­տա­նեան անդ­րա­նիկ ներ­կա­յա­ցու­մէն ետք հնա­րա­ւո­րու­թիւն պի­տի ու­նե­նայ զայն ներ­կա­յաց­նե­լու նաեւ ­Թուր­քիոյ մէջ:

«­Վե­րա­դառ­նա­լուս պէս պի­տի զբա­ղիմ այդ հար­ցով: Ան­պայ­ման կ’ու­զեմ, որ այս եր­գը յայտ­նո­ւի նաեւ թրքա­կան հե­ռուս­տա­լիք­նե­րու ե­թե­րով»,- նշած է երգ­չու­հին:

­Դաշ­նա­մու­րի ու թաւ­ջու­թա­կի նո­ւա­գակ­ցու­թեամբ՝ ­Սի­պի­լի նուրբ ու յու­զա­կան կա­տար­մամբ եր­գի տե­սա­հո­լո­վա­կը նկա­րա­հա­նո­ւած է ­Սե­ւա­նայ լի­ճի ա­փին: ­Տե­սա­հո­լո­վա­կի բե­մադ­րի­չը ­Մա­րիամ ­Գէոր­գեանն է, իսկ ար­տադ­րո­ղը` Անդ­րէ ­Սի­մո­նեա­նը: