Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

altԱ.Մ.Ն. Օ­րե­գոն նա­հան­գի ­Փորթ­լանտ քա­ղա­քի Lewis&Clark քո­լե­ճի ու­սա­նող ­Սեմ ­Պուս­սա­նը իր հե­տաքրք­րա­սիրու­թեան ար­դիւն­քով գրա­դա­րա­նի նկու­ղին մէջ յայտ­նա­բե­րած է 1599 թո­ւա­կա­նի հրա­տա­րա­կու­թեան Աս­տո­ւա­ծա­շունչ մը` Ե­ղի­սա­բէթ 1ի եւ ­Շէյքս­փի­րի Աս­տո­ւա­

ծա­շուն­չը, ուր յի­շա­տա­կո­ւած է ­Մեծ ­Հայ­քը:

Աղ­բիւ­րը կը նշէ մեծ ­Հա­յաս­տան (The Great Armenia),- կը յայտ­նէ Panorama.amը՝ ա­մե­րի­կեան հե­ղի­նա­կա­ւոր CBS հե­ռուս­տաըն­կե­րու­թեան կայ­քի յղու­մով:

Մաս­նա­գէտ­նե­րը կը նշեն, որ Աս­տո­ւա­ծա­շուն­չի բա­ցա­ռիկ հրա­տա­րա­կու­թեան մէջ հիմ­նա­կան գրա­ռում­նե­րը ներ­կա­յա­ցո­ւած են փայ­տի վրայ կա­տա­րո­ւած բարդ պատ­կե­րա­զար­դում­նե­րու մի­ջո­ցով: Աս­տո­ւա­ծա­շուն­չին մէջ «Ե­դե­մա­կան այ­գիի ի­րա­վի­ճա­կը» բա­ժի­նին մէջ փայ­տէ տախ­տա­կի վրայ պատ­կե­րո­ւած են ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի եւ ­Մեծ ­Հայ­քի, ­Բա­բե­լո­նի եւ ­Պար­սից ծո­ցի քար­տէս­նե­րը:

Գիր­քին մէջ կայ նաեւ գրա­ռում, ըստ ո­րուն՝ յայտ­նի կը դառ­նայ, որ ա­նի­կա տպագ­րո­ւած է ­Լոն­տոն, Անգ­լիոյ թա­գու­հիին հրա­տա­րա­կիչ Ք­րիս­թո­ֆըր ­Պեր­քը­րի կող­մէ: