alt«­Պի.­Պի.­Սի.»-ի լրագ­րող ­Լա­րա ­Պետ­րո­սեա­նի մեծ­հօր հայ­րը այն քի­չե­րէն էր‚ ո­րոնք փա­խուստ տո­ւին եւ ար­տա­սահ­մա­նի մէջ նոր կեանք սկսան։ ­Գա­նա­տա­յի «­Հո­րի­զոն» շա­բա­թա­թեր­թին փո­խան­ցած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րով՝ մէկ դար ետք‚ ­Լա­րա կ’այ­ցե­լէ ­Թուր­քիոյ

մէջ իր հայ ըն­տա­նի­քին քան­դո­ւած թա­ղա­մա­սը։ «Ա­նա­տո­լո­ւի ամ­բողջ տա­րած­քին մէջ գտնո­ւող հա­յե­րը տե­ղա­հա­նո­ւե­ցան ու սպան­նո­ւե­ցան։ Ե­կած եմ մօ­տա­կայ ­Մուշ քա­ղա­քը։

1915-ին ա­նոր բնակ­չու­թեան շուրջ կէ­սը հայ էր։ Այ­սօր քա­ղա­քը մե­ծաւ մա­սամբ քրտա­կան է։ «­Նոր մզկիթ­ներ կան։ ­Հայ­կա­կան շատ քիչ շէն­քեր կը մնան։ ­Սա­կայն կ’ու­զեմ տես­նել‚ ե­թէ տա­կա­ւին այս իս­լա­մա­կան քա­ղա­քին մէջ ապ­րող թաք­նո­ւած հա­յեր կան։ «­Մու­շի հե­տին թա­ղե­րուն մէջ‚ կ’այ­ցե­լեմ նոր բա­ցո­ւած ­Հայ­կա­կան մշա­կու­թա­յին կեդ­րո­նը։ Ա­նոր հիմ­նա­դի­րը ին­ծի կը պատ­մէ‚ թէ ինչ­պէս ծնուն­դով հայ ըլ­լա­լուն հա­մար իր կեան­քը վա­խով ապ­րած է։

«­Նա­խա­հայ­րերս հա­յե­րու ջար­դին ըն­թաց­քին սու­րէ ան­ցո­ւած են»‚ կ­’ը­սէ ­Հայ­կա­կան մշա­կու­թա­յին կեդ­րո­նի հիմ­նա­դիր ­Հայ­րեթ­թին Արս­լան՝ ա­ւելց­նե­լով. «­Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն ետք մեր ե­րի­տա­սարդ աղ­ջիկ­նե­րը ա­մուս­նու­թեան տրո­ւե­ցան ոչ-հա­յե­րու։ Ա­նոնք ստի­պո­ւե­ցան իս­լա­մա­նալ‚ ո­րով­հե­տեւ ­Մու­շի մէջ քրիս­տո­նէու­թիւն գո­յու­թիւն չու­նի։ Այս կեդ­րո­նը բա­նալ­նէս ետք‚ շա­տեր ե­կան եւ ը­սին. «­Մեծ մայրս հայ է»։ «­Գի­տենք‚ որ այս շրջա­նին մէջ ա­նոնց շա­րա­ւիղ ե­ղող թե­րեւս 10 կամ 15 հա­զար հո­գի կայ»։

­Պա­տաս­խա­նե­լով այն հար­ցու­մին թէ ­Մու­շի մէջ տա­կա­ւին հա­յե­րու հա­մար վտանգ գո­յու­թիւն ու­նի՞ Արս­լան կ’ը­սէ.«Ա­յո՛‚ այդ­պէս է։ ­Մու­շի հա­յե­րը վա­խի մէջ են։ ­Հա­կա­ռակ ա­նոր‚ որ այս կեդ­րո­նը տե­ղա­կան է‚ ա­նոնք այս­տեղ չեն գար։ Ա­նոնց­մէ ո­մանք մին­չեւ իսկ չեն հա­մար­ձա­կիր այս­տե­ղէն անց­նիլ»։