Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճան Քերի խոստովանած է, որ առայժմս Լեռնային Ղարաբաղի սառեցուած հակամարտութեան կարգաւորման յստակ ճամբայ մը չի տեսներ։ Ան այս համոզումը յայտնած է Սեպտեմբեր 29ի երեկոյեան՝ ելոյթ ունե
նալով «Էսփըն» հիմնարկին եւ «Աթլանթիք» թերթին կողմէ Ուաշինկթընի մէջ կայացած տարեկան համաժողովի ընթացքին:
Ամերիկեան դիւանագիտութեան առաջնահերթութիւններուն նուիրուած իր ելոյթին մէջ Քերի ընդգծած է, որ Միացեալ Նահանգները երբեք այնքան ներգրաւուած չեն եղած միջազգային քաղաքականութեան մէջ, որքան է այսօր: «Մենք շահագրգիռ ենք տարածաշրջանի կայունութեամբ, որովհետեւ մենք պէտք է պայքարինք ծայրայեղականութեան դէմ, եւ որովհետեւ մենք պէտք չէ արտօնենք, որ այդ երկիրը (Սուրիան) փլուզուի ու բաժանուի կտորներու՝ բացասաբար ազդելով դրացի երկիրներուն վրայ, ներառեալ՝ մեր դաշնակից Իսրայէլի, Յորդանանի եւ Եգիպտոսի վրայ»,- պարզաբանած է Քերի:
Ան նաեւ անդրադարձած է Իրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ գոյացած համաձայնութեան՝ դրուատելով զայն։
Իրանեան բանակցութիւններուն հակադրելով Ղարաբաղի հարցը՝ Քերի նշած է, որ Արցախի պարագային յստակ լուծումներ տակաւին չեն ուրուագծուիր:
«Այսօր աշխարհին մէջ սառեցուած հակամարտութիւններ կան, օրինակ՝ Լեռնային Ղարաբաղը՝ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ, որուն պարագային, այս պահուն յստակ լուծում չի ուրուագծուիր, որովհետեւ անոնց առաջնորդները պատրաստ չեն, եւ կողմերուն միջեւ առկայ է լարուածութիւն: Ասոնք բարդ հակամարտութիւններ են, սակայն կարելի է լուծման ճանապարհ գտնել, եթէ մարդիկ որոշ առաջարկներ ընդունին:
Կը կարծեմ, որ իսրայէլապաղեստինեան հակամարտութիւնը եւս այս հակամարտութեանց շարքին է: Մարդիկ պէտք է պատրաստ ըլլան ընդունելու որոշակի լուծումներ»,- նշած է նախարարը: