­altՀայ Օգ­նու­թեան ­Միու­թիւ­նը կոչ կ’ը­նէ միա­նա­լու ­Սու­րիա­հա­յու­թեան օ­ժան­դա­կու­թեան ընդ­հա­նուր ծրա­գի­րին` հաս­նե­լու հա­մար այս օ­րե­րուն ­Հա­լէ­պի մէջ զո­հո­ւած­նե­րու հա­րա­զատ­նե­րուն ու վի­րա­ւոր­նե­րուն ան­մի­ջա­կան կա­րիք­նե­րուն:

ՀՕՄ-ի կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան կո­չին մէջ նշո­ւած է. «Ի տես ­Հա­լէ­պի հա­յաբ­նակ շրջան­նե­րուն վրայ ներ­կա­յիս սաստ­կա­ցող յար­ձա­կում­նե­րուն, ո­րոնց հե­տե­ւան­քով ­Սեպ­տեմ­բեր 30, 2016-ին զոհ գա­ցին հինգ հա­յոր­դի­ներ, ­Հայ Օգ­նու­թեան ­Միու­թիւ­նը իր խո­րին ցա­ւակ­ցու­թիւն­նե­րը կը յայտ­նէ ար­դէն իսկ վի­րա­ւոր գա­ղու­թին, ո­րուն փրկու­թիւ­նը անհ­րա­ժեշտ է հա­յու­թեան հա­մար:

Այս ուղ­ղու­թեամբ, կոչ կ’ուղ­ղենք մեր բո­լոր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն` մաս­նակ­ցե­լու ՀՕՄ-ի` ­Սու­րիա­հա­յու­թեան օ­ժան­դա­կու­թեան ընդ­հա­նուր ծրա­գի­րին` հաս­նե­լու հա­մար նո­րա­նոր զո­հե­րու եւ ա­նոնց հա­րա­զատ­նե­րու ան­մի­ջա­կան կա­րիք­նե­րուն: