Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը Սեպտեմբեր 29ին հաղորդեց, որ կազմակերպութեան «Արդարութեան Ջատագով» մրցանակը պիտի շնորհուի մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ շարունակաբար հայութեան նեցուկ կանգնող քոնկրեսական Պրետ Շըրմը
նին, Կիրակի, Հոկտեմբեր 16ին կայանալիք Հայ Դատի տարեկան ձեռնարկին ընթացքին, որ տեղի պիտի ունենայ «Ուեսթին Պոնավենչըր» պանդոկին մէջ:
«Քոնկրեսական Պրետ Շըրմըն վերջին 20 տարիներուն հանդիսացած է հայութեան ամենավստահելի գործակիցներէն մէկը Քոնկրեսին մէջ՝ նպաստելով Հայ Դատի ջատագովման գործին։ Ան մօտէն ծանօթ է Մերձաւոր Արեւելքի եւ Կովկասի աշխարհաքաղաքական հարցերուն եւ նուիրուած է արդարութիւն ապահովելու ջանքերուն», կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Նորա Յովսէփեան։
Առաջին անգամ 1996ին Քոնկրեսի անդամ ընտրուած Շըրմըն նեցուկ կանգնած է Հայոց Ցեղասպանութեան ճամաչման, Արցախի անկախութեան, Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութեանց բարելաւման, Հայաստանի եւ Արցախի օժանդակութեան, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի հայութեան մարդասիրական օժանդակութիւն ապահովելու աշխատանքներուն։
Շըրմըն, որ ծնած եւ հասակ նետած է Հարաւային Քալիֆորնիոյ մէջ, բարձրաստիճան անդամ է Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբին։