Վերջերս Ֆրանսայի մէջ նշանակուած է Microsoft-ի նոր ղեկավար: Այժմ ընկերութեան ֆրանսական մասնաճիւղը կը ղեկավարէ հայազգի Վահէ Թորոսեանը:
Le Point ամսագրին ան հարցազրոյց մը տուած է` մասնաւորապէս խօսելով Microsoft-ի սմարթֆոններու ապագայի մասին: Նորանշանակ տնօրէնը հաստատած է, որ ընկերութիւնը քանի մը տարիով հեռացած է սմարթֆոններու շուկայէն եւ այսուհետեւ հիմնական ուշադրութիւնը պիտի ուղղէ հաւաքական հատուածին, կը գրէ ittrend.am-ը:
Microsoft Ֆրանսայի ղեկավարը նշած է, որ մօտակայ տարիներուն չ՛արժեր սպասել Microsoft-ի կողմէ թողարկուելիք նոր սմարթֆոններու:
Սակայն ասիկա պիտի չանդրադառնայ Windows 10 Mobile- վրայ, անիկա պիտի շարունակուի նոյն կերպով մշակուիլ ու թարմացուիլ: Վահէ Թորոսեանը Microsoft-ի մէջ կ՛աշխատի 1992-էն, այս ընթացքին վարած է տարբեր պաշտօններ: