alt30 Սեպ­տեմ­բե­րի ա­ռա­ւօ­տեան կա­նուխ ժա­մե­րէն ­Հա­լէ­պը կրկին թա­տե­րա­բեմ դար­ձաւ ռմբա­կո­ծու­մի: ­Զի­նեալ ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րում­ներ ռմբա­կո­ծե­ցին ­Հա­լէ­պի ­Նոր ­Գիւղ եւ ­Վիլ­լա­ներ հա­յա­շատ թա­ղա­մա­սե­րը:

Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ մօ­տա­կայ­քը գտնուող բնա­կա­րա­նի մը վրայ ին­կած հրթի­ռի մը պատ­ճա­ռով ար­ձա­նագ­րո­ւե­ցան 5 հայ զո­հեր եւ 11 վի­րա­ւոր­ներ:

­Նա­հա­տա­կո­ւե­ցան քոյր ու եղ­բայր ­Մի­րէյ ­Հին­տո­յեա­նը եւ Ար­ման ­Հին­տո­յեա­նը, նաեւ` ­Ծի­լա ­Ճա­պաղ­ջու­րեա­նը, ­Յաս­միկ ­Կի­րա­կո­սեան-­Պե­րե­ճիք­լեա­նը եւ ­Փիեռ ­Հա­րի­րոն:
­Վի­րա­ւո­րո­ւե­ցան ­Գառ­նիկ ­Կա­րա­պե­տեա­նը, ­Ծո­վիկ ­Գա­պի­քեա­նը, Ա­րա Ա­րա­մեա­նը, ­Մա­րի ­Կա­րա­պե­տեա­նը, Ար­շակ ­Պե­րե­ճիք­լեա­նը, Եա­գուպ ­Հա­րի­րոն, ­Ճորճ ­Հա­րի­րոն, ­Յա­րութ Ա­ւա­գեա­նը, ­Պե­թի ­Լա­խո­յեան-­Հին­տո­յեա­նը, ­Մով­սէս ­Հին­տոյեա­նը եւ ­Նա­զար ­Զար­մի­նեա­նը:

Շ­տապ օգ­նու­թեան ծա­ռա­յող­ներ շրջա­փա­կե­ցին շրջա­նը: ­Հա­լէ­պի շտապ օգ­նու­թեան մար­մի­նի ան­դամ­նե­րը վի­րա­ւոր­նե­րը փո­խադ­րե­ցին հի­ւան­դա­նոց:

­Նոր ­Գիւ­ղի մէջ գտնո­ւող Ազ­գա­յին պատս­պա­րա­նի սա­նե­րը ժա­մա­նա­կա­ւոր կեր­պով փո­խադրուե­ցան հա­մե­մա­տա­բար ա­ւե­լի ա­պա­հով վայ­րեր: Ազ­գա­յին ­Քա­րէն Եփ­փէ ­Ճե­մա­րա­նի տնօ­րէ­նու­թիւ­նը ա­պա­հո­վա­կան նկա­տա­ռում­նե­րով ա­շա­կեր­տու­թիւ­նը ան­մի­ջա­պէս տե­ղա­փո­խեց ներք­նա­յարկ: