altԱյ­սօր ա­ռա­ւօ­տեան վաղ ժա­մե­րէն զի­նեալ ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րում­ներ կը հրթի­ռա­կո­ծեն ­Հա­լէ­պի ­Նոր ­Գիւղ եւ ­Վիլ­լա­ներ հա­յա­շատ թա­ղա­մա­սե­րը։

­Նոր ­Գիւ­ղի մէջ գտնո­ւող Ազգ. ­Պատս­պա­րա­նի սա­նե­րը առ­ժա­մա­բար փո­խադ­րո­ւե­ցան հա­մե­մա­տա­բար ա­ւե­լի ա­պա­հով վայ­րեր։
­Վայր­կեան­ներ ա­ռաջ զի­նեալ ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րում­ներ հրթի­ռա­կո­ծե­ցին վիլ­լա­ներ թա­ղա­մա­սը։ Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ մօ­տա­կայ­քը գտնո­ւող բնա­կա­րա­նի մը վրայ ին­կած հրթի­ռի մը հե­տե­ւան­քով ար­ձա­նագ­րո­ւե­ցան հայ զո­հեր եւ վի­րա­ւոր­ներ։

Շ­տապ օգ­նու­թեան ծա­ռա­յող­ներ շրջա­փա­կե­ցին շրջա­նը։
­Հա­լէ­պի շտապ օգ­նու­թեան մարմ­նի ան­դամ­նե­րը վի­րա­ւոր­նե­րը փո­խադ­րե­ցին հի­ւան­դա­նոց։

Ազգ. ­Քա­րէն Եփ­փէ ­Ճե­մա­րա­նի տնօ­րէ­նու­թիւ­նը ա­պա­հո­վա­կան նկա­տա­ռում­նե­րով ա­շա­կեր­տու­թիւ­նը ան­մի­ջա­պէս տե­ղա­փո­խեց ներք­նա­յարկ:

«Գանձասար»